Հայ Դատի Ֆրանսայի Յանձնախումբը Ֆրանսացի Խորհրդարանականներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Քեսապի Բնակչութիւնը
Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբը 26 մարտին նամակներ յղեց ֆրանսական խորհրդարանի բոլոր անդամներուն եւ ծերակուտականներուն` դիմելու Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան, որպէսզի վերջինս միջամտէ Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` խաղաղ բնակչութիւնը պաշտպանելու համար: Վկայակոչելով Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի պաշտօնական կայքը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբը կը պահանջէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը թրքական իշխանութիւններուն ստիպէ անյապաղ վերջ տալ Քեսապի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուող զինուորական գործողութիւններուն, եւ սուրիական ապստամբներուն` շրջանէն անյապաղ դուրս հանել Ժիհատական զօրքերը: «Մենք կը ցանկանք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել ներկայիս սուրիական Քեսապ աւանին մէջ տեղի ունեցող լուրջ իրադարձութիւններուն վրայ: 22 մարտէն սկսեալ, երբ Ժապհաթ Նուսրայի ժիհատական խումբերը, ստանալով Թուրքիոյ անմիջական աջակցութիւնը, Թուրքիոյ կողմէ յարձակեցան այս գիւղաքաղաքին վրայ, որուն բնակչութեան 90 տոկոսը հայեր են: Սուրիոյ հիւսիսը տեղակայուած այս աւանը տուն է շրջանի վերջին հայկական համայնքներէն մէկուն», կ՛ըսուի ֆրանսացի օրէնսդիրներուն ուղղուած նամակին մէջ:
Կոչ կ՛ուղղուի պատասխանատուութեան կանչել Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որոնք պատասխանատու են այս բռնութիւններուն համար, որոնք ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս ցեղային զտումներ են` միտուած վերացնելու հայկական եւ քրիստոնէական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ:
Հայկական հարցի պաշտպանները կը նկատեն, որ յարձակումները պատահական չեն եւ յատուկ ենթահող ունին, քանի որ աշխարհը կը պատրաստուի ոգեկոչել 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը:

