Ասատ Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Հետ. Դամասկոսի Մէջ «Ազդակ»-ի Աշխատակիցին Տեղեկատուութիւնը
Սուրիա այցելած Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ երէկ հանդիպումներ ունեցան Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ: Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի աշխատակիցը, որ պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր, հաղորդեց, որ պատուիրակութեան նախագահ Սամուէլ Ֆարմանեան յայտնեց, որ Հայաստան կը դատապարտէ թրքական օժանդակութեամբ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ իշխանութիւններուն` հայերուն հանդէպ իրենց ունեցած վերաբերմունքին համար: Իր կարգին, նախագահ Ասատ բարձր գնահատեց Հայաստանի դրական դիրքորոշումը Սուրիոյ նկատմամբ, նշելով խորհրդարանականներուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը միջազգային ամպիոններէն: Պատգամաւորներու պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Ժիհատ Լահհամի, վարչապետ Ուաէլ Հալաքիի եւ Սուրիոյ միւֆթի Ահմետ Հասսունի հետ: Բոլոր հանդիպումներուն սուրիացի ղեկավարները նշեցին, որ հայերը կարեւոր մասնիկ են Սուրիոյ մէջ եւ կ՛արժանանան յարգանքի` երկրի բարգաւաճման մէջ իրենց ունեցած դերակատարութեան համար: Անոնք անդրադարձան նաեւ խորհրդարանական կապերու հաստատման կարեւորութեան: Պատգամաւորական պատուիրակութիւնը Սուրիոյ ղեկավարութեան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Քեսապի իրադարձութիւններուն մասին Լա Հէյի համաժողովներուն կեդրոնին մէջ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ եւ յանձնարարած է ՄԱԿ-ի` Նիւ Եորքի եւ Ժընեւի գրասենեակներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն` հետամուտ ըլլալու Քեսապի հայութեան անվտանգութեան եւ վերադարձի խնդիրներուն: Պատուիրակութիւնը վստահեցուց, որ Հայաստանը բոլոր միջոցներուն պիտի ձեռնարկէ օժանդակելու համար քեսապահայութեան: Պէտք է նշել, որ պատգամաւորները իրենց հանդիպումներուն ընթացքին բարձրացուցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը` պահանջելով, որ սուրիական խորհրդարանին մէջ քննարկումներ կատարուին` հասնելու համար ճանաչման բանաձեւի մը: Յիշենք, որ խորհրդարանական պատուիրակութեան կ՛ուղեկցէին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան, դեսպանատան խորհրդական Տիգրան Գէորգեան եւ դոկտ. Նորա Արիսեան: Դամասկոս այցելութեան աւարտին, պատուիրակութիւնը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Յովսէփ Առնաութի, հոգեւոր հայրերուն եւ Դամասկոսի մէջ գործող բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Նկատելի էր, որ սուրիական լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձան պատգամաւորներու այցելութեան:
Հանդիպումներուն Մանրամասնութիւնները
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ 27 մարտին ընդունեց Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Սամուէլ Ֆարմանեանի գլխաւորութեամբ: Սուրիական «ՍԱՆԱ» լրատուական գործակալութեան համաձայն, պատուիրակութեան անդամները Սուրիոյ նախագահին փոխանցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնները եւ բերանացի պատգամը, որուն մէջ նախագահը իր եւ հայ ժողովուրդին անունով դատապարտած է Լաթաքիոյ Քեսապ գիւղաքաղաքին վրայ Թուրքիոյ նեցուկով ի գործ դրուող ահաբեկչական յարձակումները:
Ասատ զգուշացուցած է Արեւմուտքի եւ շրջանի կարգ մը երկիրներուն աջակցութեամբ եւ նեցուկով ծայրայեղական գաղափարախօսութեան եւ ահաբեկչութեան վտանգներէն, որոնք կը սպառնան մասնատել պատմական արմատներ ունեցող, բազմամշակութային եւ ընկերային տարբեր շերտերէ բաղկացած շրջանը:
Հանդիպման ընթացքին հայկական պատուիրակութեան անդամները հաստատած են, որ ամբողջական կերպով կ՛աջակցին Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան վերահաստատման եւ Քեսապի ու սուրիական այլ շրջաններու բնակիչները իրենց տուները վերադարձնելու: Անոնք վստահութիւն յայտնած են այն մասին, որ Սուրիա պիտի շարունակէ մնալ համակեցութեան եւ ազգային միաբանութեան օրինակ` իր բոլոր զաւակներուն միջեւ:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամի հետ, որ նշած է, թէ շատ կարեւոր է խորհրդարանական մակարդակով ջանքերու միաւորումը` հաւատադրժող եւ ծայրայեղ շարժումներուն դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ խորհրդարանական յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով:
Իրենց կարգին, հայկական պատուիրակութեան անդամները դիտել տուած են, որ դրացի պետութիւնները պէտք է դրական դերակատարութիւն ունենան եւ նեցուկ կանգնին Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծման հասնելու համար, եւ ոչ թէ հակառակը:
Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալաքի եւս հանդիպում ունեցած է Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներուն հետ. ան հաստատած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը հետամուտ ու նախանձախնդիր է իր քաղաքացիներուն ապահովելու ամէն տեսակի կենցաղային անհրաժեշտութիւններ եւ ծառայութիւններ: Ան հաստատած է, որ սուրիահայութիւնը սուրիացի ժողովուրդին մէկ կարեւոր եւ հիմնական բաղադրիչն է, որ արժանի է ամէն տեսակ յարգանքի, գնահատանքի, որովհետեւ սուրիահայերը մեծապէս օժանդակած են իրենց երկրին զարգացման ու ամրապնդման:
Հայկական պատուիրակութեան անդամները դատապարտած են Քեսապի մէջ տեղի ունեցած տեղահանութիւնը եւ ոճրագործութիւնը, որոնք ի գործ կը դրուին Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան նեցուկը վայելող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կողմէ:

