ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿՈԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Հենրիխ Մխիթարեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան դարձեալ կոլ նշանակեց իր ակումբին` Շախտիոր Տոնեցքի հետ (Ուքրանիա), Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած Սալզպըրկըր Լենտ Քափ-2011 միջազգային մրցաշարքին:

Մաքապի Հայֆայի դէմ (Իսրայէլ) տեղի ունեցած մրցումին, Շախտիոր 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Մրցումին 5-րդ վայրկեանին Մխիթարեան բացաւ մրցումին հաշիւը: Ան Բ. կիսախաղին սկիզբը վիրաւորուելով չկրցաւ մրցումը շարունակել:

Նշենք, որ մրցումէն ետք ան ընտրուեցաւ օրուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:

 

Share this Article
CATEGORIES