ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՊՐՈՒՄՄԱՆԱ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ԹԵՆԻՍԻ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Կազմակերպութեամբ Պրումմանա ակումբին, հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Պեմօ» դրամատան, յուլիս ամսուան ընթացքին Պրումմանա վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենան թենիսի երկու տարբեր մրցաշարքեր:

Առաջինը, որ տեղի պիտի ունենայ 11-27 յուլիսին, Լիբանանի բաժակի տեղական մրցաշարքն է, որ պիտի կայանայ 71-րդ անգամ ըլլալով` տղոց եւ աղջկանց բոլոր դասակարգերու մրցումներով:

Իսկ երկրորդին, որ տեղի պիտի ունենայ 28-31 յուլիսին, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տեղական եւ արաբական երկիրներէ մարզիկներ: Անիկա 2-րդ տարին ըլլալով պիտի կայանայ:

Կազմակերպիչ ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ երկու մրցաշարքերուն գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տալու նպատակով, հինգշաբթի, 7 յուլիսին ակումբը պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը:

Լիբանանի բաժակի մրցաշարքին մասնակցիլ փափաքողները իրենց անունները արձանագրելու համար պէտք է հեռաձայնեն հետեւեալ թիւերուն` 71-641743 եւ 03-824901:

Share this Article
CATEGORIES