ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց եւ ճշդեց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի յայտագիրը, որ պիտի սկսի ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր 2011-ին:
Ա. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
ՈՒՐԲԱԹ, 21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Թրիփոլի – Սալամ Զղարթա 3:30 Թրիփոլի
Հարաքեթ Շապապ – Նահտա Պար Էլիաս 3:30 Թրիփոլի- Բ.
Խըյուլ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի 3:30 Պուրճ Համուտ
ՇԱԲԱԹ, 22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Սաժես – Իժթիմահի 3:30 Պուրճ Համուտ
ԿԻՐԱԿԻ, 23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ահլի Նապաթիէ – Իրշատ 3:30 Քֆարժոզ
Շապապ Ղազիէ – Ֆաժըր Արապսալիմ 3:30 Սայտա
Նշենք, որ Ա. հանգրուանին ՀՄՄ մրցում չունի կատարելիք:
Ֆետերասիոնը հրապարակեց նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մրցաշարքի 2010-2011 տարեշրջանի յայտագիրը, որ կը սկսի շաբաթ, 10 սեպտեմբերին` Ահտ – Ռասինկ մրցումով: Աւարտական մրցումը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 24 սեպտեմբերին:
Կազմուեցաւ նաեւ 17 յուլիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեկնող լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ դաշտին տէրերուն հետ: Մարզիկներուն անունները շուտով պիտի յայտարարէ մարզիչ Էմիլ Ռըսթոմ:
Այլ առիթով մըն ալ ան պիտի յայտարարէ յառաջիկայ 28 յուլիսին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով Լիբանանի կատարելիք առաջին մրցումին համար նկատի առնուած կազմը: Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Փաքիստան – Պանկլատեշ մրցումին յաղթականը: