Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Օգնեցէք դժուարութեան մատնուած անձերուն, որպէսզի անոնք կարենան շրջանցել իրենց դժուարութիւնները: Անտարբեր մի՛ մնաք կարօտեալին դիմաց, յանցանք է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամներու շրջանակին մէջ պիտի արտայայտէք ձեր հաւատարմութիւնը: Պիտի արժանանաք անոնց քաջալերանքին: Սէրը կեանքն իսկ է: Սիրալիր եղէք միշտ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ինքնավստահ եղէք, ապաւինեցէք ձեր ուժին, մասնաւորաբար` աշխատանքի մէջ: Այսպիսով կրնաք յաղթահարել ամէն տեսակ տագնապ կամ դժուարութիւն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Վստահեցէք ձեր ներքին ձայնին, մի՛ հետեւիք ուրիշներու համոզիչ խօսքերուն: Մնացէք ձեր որոշումին տէրը, որ տրամաբանական է եւ օգտակար:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ գրաւոր աշխատանքներ ունիք, կարգի դրէք, որպէսզի անուշադրութեամբ սխալ մը չընէք: Օրը օրին դասաւորեցէք նման հարցեր, վաղուան մի՛ թողուք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր անկիւնին մէջ բանտարկուած մի՛ մնաք, դուրս ելէք, որպէսզի փոխուիք` բարեկամներու կամ գործակիցներու հանդիպելով: Օրը նպաստաւոր է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ ծուլանաք, անկողնին մէջ ընկողմանած մի՛ մնաք, որովհետեւ ունիք բազմաթիւ գործեր: Շարժուն եւ աշխուժ եղէք, որպէսզի ուրախանաք ձեր արդիւնքներով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կը սիրէք զուարճանալ, պարել, բայց գիտցէք, որ առանձին չէք: Ձեր տրամադրութիւնը բարձր է, բայց յարմարեցէք ձեր շրջապատին: Հանդարտ եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յարգեցէք ընտանեկան աւանդութիւնները, գոնէ` պարբերաբար, իր ժամանակին: Նորութիւններու հետեւեցէք, բայց առջեւէն վազող մի՛ ըլլաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կը սիրէք ընկերակցութիւնը ընտանի անասուններու: Կրնաք գոնէ այսօր զուարճանալ անոնց հետ: Օրը կը նպաստէ թեթեւ հարցեր արծարծելու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գիտցէք ոչ ըսել ասոր անոր քմայքին, նոյնիսկ` ձեզի մօտիկ անձերու: Մնացէք հաստատ ձեր սկզբունքին եւ ձեր որոշումներուն վրայ: Օրը կ՛օգնէ ձեզի:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մնացէք միայն ձեր աշխատանքներով, դուք ձեզի հետ:  Ուրիշներու մի՛ նայիք: Ունիք կատարելիք պարտականութիւններ: Աշխատանք տարէք:

Share this Article
CATEGORIES