50 Տարի Առաջ (29 Մարտ 1964)

Խմբագրական

Յարութեան Հրաշքը

Քրիստոնեայ մարդկութիւնը վաղը հոգեպարար արարողութիւններով պիտի պանծացնէ Աստուածորդւոյն հրաշափառ յարութեան տօնը: Յոռետեսութեան եւ տարակոյսի աւերիչ ուժերուն դէմ` հաւատքը նոր յաղթանակ մը պիտի տանի: Թերահաւատներն իսկ այս հանդիսաւոր օրերուն կը զգան սարսուռի մը անցքը իրենց հոգիներէն: Յարութեան խորհուրդը կը նուաճէ բոլոր հոգիները ու կը մտնէ բոլոր տուներէն ներս` յոյսի եւ հաւատքի սիւներ կանգնելով:

Քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդներու կողքին, հայութիւնը ամէնէն աւելի ինքն իրեն իրաւունք կու տայ յարութեան այս տօնը ազգայնացնելու, որովհետեւ ամէնէն աւելի ի՛նքն է, որ իր ճակատագիրը կապեց քրիստոնէութեան ճակատագրին, երբ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ճանչցաւ բոլոր ժողովուրդներէն առաջ:

Հայութիւնը քրիստոնէութեան մէջ գտած էր իր բարոյական նկարագրին հարազատ արտայայտութիւնը: Սիրոյ եւ եղբայրութեան վարդապետութիւնը ամէնէն աւելի արձագանգ կը գտնէր ազնուական այս ժողովուրդին մօտ, որ Արեւելքի լուսարարը եղաւ:

Բազմիցս կեղեքուած ու չարչարուած, բազմիցս նուաճուած ու արիւնաքամ` հայ ժողովուրդը հաւատաց արդարներու յաղթանակին եւ իր պատմութիւնը եղաւ մարտիրոսութեանց մատեան մը` յանուն քրիստոնէութեան:

Քրիստոնէութիւնը, իբրեւ ներշնչման աղբիւր, տուաւ կոթողներ հայ մշակոյթին: Հայ ժողովուրդը Քրիստոսի փառքին համար կանգնեց անհամար տաճարներ հաւատքի, տուաւ կոթողական գործեր, Նարեկացիներ, Շնորհալիներ, որոնք հաղորդուեցան Քրիստոսի աստուածային խորհուրդով:

Գերազանցօրէն քրիստոնեայ ժողովուրդ, հաւատարիմ քրիստոնէութեան բարոյական նկարագրին` հայութիւնը Զատկի տօնին մէջ կը տեսնէ յոյսը իր վաղուան յաղթանակին, իր հրաշափառ յարութեան:

Կը հաւատայ գալիք լուսաւոր օրերուն, որոնք այս աշխարհի երեսին խաղաղ անկիւն մը պիտի տան իրեն` շարունակելու համար պատմականօրէն նուիրագործուած լուսաւորիչի իր դերը:

Քրիստոնէութիւնը լոյս է հայութեան համար, խաւարին վրայ յաղթանակ մը, մարդկայնօրէն ապրելու խոստում մը:

Աչքերը յառած այդ լոյսին, իր բիւրաւոր մարտիրոսներուն կրանիթեայ հաւատքով զրահուած` հայութիւնը կը դիմէ իր ճակատագրին` ազատ ու անկախ հայրենիքի իրականացման:

 

Արարատի Գագաթը

Քանի մը րոպէ վերջ մենք արդէն կանգնած էինք Մասիսի ձիւնապատ գագաթին ժայռոտ շրթունքին վրայ: 25-30 քայլ մեզմէ հեռու, գագաթին ամենաբարձր կէտին վրայ, յաւիտենական ձիւնի ու սառոյցի մէջ, քիչ մը դէպի հարաւ-արեւելքի ծռած, կանգնած է օդերեւութաբանական կայանին չորսոտնեայ նեղ ու բարձր փայտեայ շինուածքը: Պէտք էր անոր հասնիլ, բայց ատիկա հեշտ չէր, քամին որ անընդհատ կը փչէր ամբողջ ճամբուն վրայ, գագաթին վրայ կրկնապատկեց իր զօրութիւնը, անցնիլ այդ 25-30 քայլը, առանց օժանդակ միջոցի, անհնար էր: Գագաթը ամբողջովին ծածկուած էր սառուցանման, ամուր, փայլուն ձիւնի հսկայական շերտերով, որոնք զգալապէս ծռած էին դէպի արեւելք: Անզգուշ քայլ մը, հովի զօրեղ շունչ մը, եւ մենք ալ կրնայինք գլորիլ դէպի Մասիսի անյատակ վիհը, դէպի Ս. Յակոբի պատռուածքը:

Մեր մէջէն ամէնէն քաջն ու անձնազոհը մէջքին թոկ մը կապեց, հագաւ երկաթեայ սուր գամերով կօշիկներ, երկու ալպեան գաւազաններ առաւ եւ առաջ եկաւ: Դողդղալով ու ջղային թափով կօշիկները եւ երկու գաւազանները կը խրէր սառած ձիւնին մէջ, իսկ մենք սրտատրոփ կը սպասէինք անոր անվեհեր քաջագործութեան ելքին: Վերջապէս հասաւ կայարանը, եւ թոկը մէջքէն քակելով` անոր մէկ ծայրը կապեց կայանին սիւներէն մէկուն, միւս ծայրը մեր ձեռքն էր, ես ու ընկերներս, մէկ ձեռքով ամրապէս թոկը բռնած, իսկ միւսով մեր գաւազանները ձիւնին մէջ խորը խրելով` իրարու ետեւէ հասանք կայան: Մենք կը գտնուէինք Մասիսի հարաւ-արեւելեան ամենաբարձր կէտին վրայ:

Օ՜, անկրելի րոպէներ, օ՜, անմոռաց յիշատակ… Մոլորած, սառած աչքերով ես դանդաղ նայուածք մը ձգեցի հայրենի լերան բոլորակ, ձիւնափայլ անգիծ գագաթին. ուրիշ դանդաղ ու ծանր նայուածք մը դէպի վար, դէպի հայրենի խեղճուկ աշխարհը, որ լուռ ու երկիւղած խոնարհութեամբ բոլորուած էր ծերունի լերան շուրջը, եւ ծունկի իջայ: Մանկութեանս օրերէն ես կ՛ատէի արցունքը, կեանքի ամենադառն ժամերուն իմ աչքերս երբեք արցունք չէին տեսած, բայց այդ րոպէիին ծանր հոգեկան խռովք մը բարձրացաւ սրտէս դէպի վեր եւ սկսաւ կոկորդս խեղդել, աչքերս մթագնեցան:

Առանց ուշադրութիւն դարձնելու ընկերներուս ես երեսս դրի հայրենի լերան սառ գագաթին եւ սկսայ հեկեկալ… հեկեկալ անզուսպ, սանձարձակ վաղուց զսպուած արտասուքի այրող դառնութեամբ…: Ձեռքերս տարածած` ես կը փայփայէի ծերունի լերան սպիտակ վարսերը, երեսս կը քսէի անոր սառած երեսին անյագուրդ ագահութեամբ կը համբուրէի անոր ձիւնեղէն ճակատը, անսահման կարօտով այտերովս կը գգուէի անոր սառոյց-այտերը, ու խելագարի պէս կը կրկնէի անընդհատ:

– Ըսէ՛ ինծի քու վիշտդ, պատմէ՛ դարերէ ի վեր ամբարուած ցաւերդ:

 

Ա. ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )