Ծառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Գիտէի՞ր, թէ ծառերը իրարու հետ կը հաղորդակցին: Անոնք իրենց կը քաշեն միջատները եւ անասունները: Անոնք կրնան նոյնիսկ անձրեւը տեղացնել: Անտառը բազմաթիւ գաղտնիքներ կը պահէ իր շուքերուն մէջ:
Մենք միայն կը լսենք ծառերուն տերեւներուն շրշիւնը եւ ճիւղերուն ճաթռտոցը:
Սակայն գիտէի՞ր, թէ ծառերը իրենց իւրայատուկ ձեւով իրարու հետ կը խօսին:
Անշուշտ անոնք բառեր չեն գործածեր, այլ` հոտեր: Այս հոտերը ունին երկու պաշտօն. իր տերեւները կամ պտուղները կրծելու համար մօտեցող անասունը հեռու պահել, կամ ընդհակառակը, դէպի իրեն քաշել միջատները, որպէսզի անոնք տարածեն բեղմնափոշին:
Անոնց Հոտը Ամպեր Կը Կազմէ
Ծառերը իրարու հետ կը հաղորդակցին եւ իրարու լուրեր կը ղրկեն վտանգի պարագային:
Օրինակի համար, երբ եղնիկ մը աքասիայէն տերեւներ կ՛ուտէ, բոյսը անմիջապէս թունաւոր կը դառնայ: Անիկա «կը սփռէ» լուր մը, որ հովուն միջոցով կը հասնի միւս ծառերուն եւ շուրջի բոլոր աքասիաները իրենց կարգին թունաւոր կը դառնան եւ այդպէս կը մնան 24 ժամ: Անհաւատա՛լի:
Սակայն կայ տակաւին աւելին: Ծառերը կրնան նաեւ անձրեւը «կանչել»: Տաքութեան ազդեցութեան տակ ծառերուն հոտերը դէպի երկինք կը բարձրանան: Օդին մէջ գտնուող ջուրի շոգին բանտարկելով` այս մանր մասնիկները ամպեր կը կազմեն: Այս ձեւով է, որ ծառերը ճիշդ իրենց գլխուն վրայ միշտ իրենց տրամադրութեան տակ կ՛ունենան ջուրով լեցուն ցնցուղ մը` իբրեւ պահեստ: Այս պատճառով է, որ արեւադարձային անտառները ճանչցուած են ռէյնֆորեսթ (անձրեւներու անտառ) անունով:
Եթէ Անտառը Գոյութիւն Չունենար…
Թթուածինը գոյութիւն պիտի չունենար: Մեր թոքերը կը ծծեն թթուածինը եւ դուրս կ՛արձակեն բնածխական կազը, մինչ անտառները կը ծծեն բնածխական կազը եւ կ՛արձակեն թթուածինը:
Անտառներն են, որոնք կարելիութիւնը տուած են երկրագունդի մթնոլորտին` շնչելի դառնալու համար, հազարամեակներու ընթացքին թթուածին արտադրելով:
Ջուրը Գոյութիւն Պիտի Չունենար
Անտառները նաեւ մաքրութիւն կ՛ընեն: Անոնք մազէ կ՛անցընեն բնածխական կազը, որ մոլորակին տաքութեան պատասխանատուն է: Իր տարբեր գործունէութիւններուն ընդմէջէն մարդ արարածը հսկայական քանակներով բնածխական կազ կ՛արտադրէ: Անտառները այս կազին 15 առ հարիւրը կը ջնջեն` զայն բանտարկելով: Որովհետեւ 1 մեթր խորանարդ փայտը արտադրելու համար ծառը կը գործածէ մէկ թոն բնածխական կազ:
Իրենց արմատներուն շնորհիւ` ծառերը ջուրը կը մաքրեն, քամոցի մը պէս բռնելով: Անոնք ջուրը կը ձերբազատեն ապականող մասնիկներէն եւ ապա կը ձգեն, որ ան հողին մէջ թափանցէ: Աշխարհի վրայ մաքուր ջուրին կէսը կու գայ ծառերուն տակէն:
Դեղերը Գոյութիւն Պիտի Չունենային
Մօտաւորապէս 50-70 հազար բոյսեր կը գործածուին բժշկութեան մէջ:
Այժմ անտառները պահպանելու համար տարրալուծարաններուն մէջ մարդիկ կ՛ընդօրինակեն անոնց յատկութիւնները. սակայն մենք գիտենք նաեւ, թէ մեզի ծանօթ է շատ փոքրիկ բաժին մը այն յատկութիւններէն, զորս ծառերը կրնան հայթայթել բժշկուելու համար:
Փայտ Գոյութիւն Պիտի Չունենար
Փայտը անհրաժեշտ է մարդուն: Մարդը իր առաջին տուները շինած է փայտով. ան փայտով կը տաքնայ, կը շինէ իր կարասիները, թուղթը, թերթերը…
Սակայն փայտը չարաչար օգտագործուած է: Անտառները շատ արագ կը կտրուին, առանց մտածելու, պարզապէս դրամ շահելու համար: Ասոր ազդեցութիւնը բնութեան եւ անտառներուն վրայ շատ ծանր է:
Իսկ մօտ ատենէն, եթէ մենք այս նոյն կշռոյթով շարունակենք, մարդ արարածն ալ այդ ազդեցութեան զոհ պիտի երթայ:
Քանի՞ Ծառ Կայ Ամազոնին Մէջ
Ամազոնեան անտառը կը տարածուի 6 միլիոն քառ քիլոմեթրի վրայ եւ կը բաժնուի Հարաւային Ամերիկայի 9 երկիրներու միջեւ:
Առաջին անգամ ըլլալով գիտնականներ կրցած են մօտաւորապէս հաշուել այս հսկայական անտառը կազմող ծառերուն թիւը:
Ասոր համար 120 մասնագէտներ տեղեկութիւններ հաւաքած են 1170 հողամասի շերտերու վրայ, իւրաքանչիւրը մէկ հեկտարի մեծութեամբ:
***
Այս հաշիւներուն շնորհիւ` անոնք կրցած են արձանագրել մօտաւորապէս 390 միլիառ ծառերու գոյութիւնը:
Եթէ ուզենք բաղդատել, հաշուենք, որ երկրագունդին վրայ այժմ գոյութիւն ունի շուրջ 7 միլիառ բնակիչ:
Սակայն ծառերու այս մեծ թիւը պէտք չէ մեզի մտածել տայ, թէ ամազոնեան անտառին հարստութիւնները անվերջ են: Ամազոնեան անտառին մօտաւորապէս մէկ հինգերորդը անհետացած է 1970 թուականէն ի վեր, եւ պէտք է անպայման դադրեցնել անոր փճացումը:
Տակաւին գոյութիւն ունին բազմաթիւ գաղտնիքներ, զորս ան մեզի չէ փոխանցած…
Մօտ Օրէն Տուրմի Պակա՞ս
Եթէ տուրմ կը սիրէք, օգտուեցէք շուկայի վրայ գտնուող տեսակաւոր տուրմերէն… որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ գայ ժամանակ մը, երբ տուրմը այլեւս գոյութիւն չունենայ: Տուրմ սիրող մարդոց թիւը ժամանակի ընթացքին կը բազմապատկուի: Սակայն անոր արտադրութիւնը չ՛աւելնար: Արդիւնք` տուրմը հազուագիւտ կը դառնայ եւ սուղ:
2013 թուականին ընթացքին մարդիկ առաջին անգամ ըլլալով սպառած են աւելի քան 4 միլիոն թոն քաքաօ: Ասիկա 10 տարի առաջուան թիւէն մէկ երրորդ անգամ աւելի է:
Հարուստ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ, պահանջը արդէն մեծ է…
Սակայն քանի մը տարիէ ի վեր, այս պահանջը կը բարձրանայ նաեւ տնտեսական աճ ապրող երկիրներուն մէջ, ինչպէս` Պրազիլ, Հնդկաստան եւ յատկապէս Չինաստան, ուր սպառողները կը հարստանան: Սակայն, ասոր կողքին, արտադրութիւնը չ՛աւելնար: Անիկա նոյնիսկ նուազում կ՛արձանագրէ կարգ մը շրջաններու մէջ: Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ փոքր արտադրողները կրնան նոր ծառեր տնկել. սակայն հետեւանքները անմիջական չեն, որովհետեւ քաքաոյի ծառը նուազագոյնը տասը տարի կ՛ուզէ մինչեւ պտուղներ տայ:
Առաւել, շատ քիչեր կրնան բարելաւել իրենց դաշտերուն վիճակը` իրենց արտադրութիւնը աւելցնելու համար: Նոյնիսկ եթէ անոնք միջոցները ունին, քաքաոյի արտադրութիւնը կախեալ կը մնայ կլիմայական պայմաններէն: Շատեր կը վախնան կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութիւններէն: Կարգ մը անձեր նոյնիսկ հրաժարած են քաքաօ մշակելէ եւ զայն փոխարինած են ուրիշ ծառերով` իւղ կամ ձգախէժ արտադրելու համար, որովհետեւ ասոնք աւելի շահաբեր են:
Ուրեմն, բազմապատկուող պահանջ + նուազող արտադրութիւն = տուրմը հազուագիւտ կը դառնայ եւ հետեւաբար` սուղ:
Տուրմին գինը աւելի քան 9 առ հարիւր աւելցած է տարուան սկիզբէն, եւ մօտաւորապէս 40 առ հարիւր` մէկ տարուան ընթացքին: Ըստ տուրմի միջազգային կազմակերպութեան, այս երեւոյթը պիտի շարունակուի: Ան կը է նախատեսէ, որ պահանջը արտադրութենէն աւելի բարձր պիտի ըլլայ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին: Հետեւաբար տուրմի պակաս պիտի ըլլայ: Արդեօք պէ՞տք է սկսինք պահեստներ կազմելու:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ…
- Մեր ուղեղը ցաւ չի զգար: Ան ցաւի նշաններ կը ղրկէ մեր ամբողջ մարմնին, սակայն ուղեղը ինքնին այդ ցաւը չի զգար:
- Մենք մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին պիտի արտադրենք լողաւազան մը լեցնող լորձունքի քանակ:
- Իւրաքանչիւր երկվայրկեան 3 մանուկներ կը ծնին ամբողջ աշխարհին մէջ:
- Նորածինները չեն լար: Անոնք արցունք չեն թափեր մինչեւ 8 ամսական, երբ իրենց արցունքի խողովակները կազմաւորուած կ՛ըլլան:
- Մեր մարմինը ամէն օր մօտաւորապէս մորթի 500 միլիոն մասնիկներ կը թափէ:
- Մարդկային մարմինը ունի մօտաւորապէս 97,000 քմ երկարութեան երակներ: Այս թիւը հաւասար է աշխարհի շուրջ 2,5 անգամ դառնալու հեռաւորութեան:
- Եթէ մենք մեր եղունգները բնաւ չկտրենք, անոնք 4 մեթր երկար կ՛ըլլան:
- Մենք տարեկան մօտաւորապէս 600 միլիոն անգամ շունչ կ՛առնենք մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Այս հաշուով մենք օրական 23,000 անգամ շունչ կ՛առնենք:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կրնա՞ս գտնել կատուին հասցնող ճամբան:

Ո՞ր միջատը ամէնէն շատ ներկայ է այս հաւաքածոյին մէջ:

Կրնա՞ս վարի թիւերը գտնել վերի տախտակին մէջ: Անոնք կրնան դրուած ըլլալ ուղղահայեաց, հորիզոնական կամ շեղակի ձեւով, ինչպէս նաեւ` ճիշդ ուղղութեամբ, կամ` հակառակ ուղղութեամբ: