Գարնանային Զոյգ Պտոյտներ` ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու

Karnanayin-bedouyd1Գարնան հաճելի օդն ու բնութիւնը իւրայատուկ մթնոլորտով վայելեցին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները իրենց ունեցած երկու պտոյտներով` կրտսեր ու երէց պատանիներու համար, մարտ 15-ին եւ մարտ 22-ին հերթաբար:

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային յանձնախումբը ամէն տարի կը կազմակերպէ տարեկան պտոյտներ դէպի Լիբանանի տարբեր վայրերը, ընկերային ճոխ մթնոլորտը փոխանցելով պատանեկան միութիւններուն ու անոնց շրջապատող բարեկամներուն: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային ձեռնարկները ամբողջացում մըն են դաստիարակչական ոլորտին մէջ գործադրուող տարբեր նախաձեռնութիւններու եւ անպայմանօրէն կը նպաստեն պատանիին ընդհանուր դաստիարակութեան վրայ: Այս տարի, աշխատանքի տարբեր բնոյթը նաեւ տարբեր քաջալերական հոգեվիճակ ներշնչեց պատանիներու:

Karnanayin-bedouyd3Karnanayin-bedouyd2Մարտ 22: Օր մը, որուն պատանիները շաբաթներէ կը սպասէին: Հաճելի օր մը, առտուընէ կազմ ու պատրաստ, 228 երէց պատանիներ, իրենց օրուան անհրաժեշտ պիտոյքներով առտուան ժամը 7:00-ին արդէն կը սպասէին իրենց ակումբներու սեմին: Երկու ժամ ետք չորս-չորս փոքր խմբակներով, ճոպանուղիներու միջոցով անոնք հերթաբար բարձրացան դէպի Հարիսա: Խանդավառ մթնոլորտը իւրաքանչիւր կառքի մէջ կարծես պիտի ընդհատէր ելեկտրական հոսանքը: Պայծառ օր մըն էր, եւ հարկ էր զայն լաւապէս օգտագործել: Այսպէս, երկու ժամուան տեւողութեան  պատանիները արշաւեցին դէպի Զմմառ. բնականաբար, Զմմառու դաշտն ալ հանգստավայր չէր: Արշաւներու ու բանակումներու վարժ պատանիները հոն շարունակեցին իրենց կորովը, յայտնաբերեցին իրենց չարքաշութիւնը եւ տասը խումբերու բաժնուելով` խորովեցին իրենց բաժին ինկած ճաշը: Առաւել գոհացուցիչ մթնոլորտը միասնաբար յագեցնելն էր իրենց անօթութիւնը, իրենց իսկ պատրաստած ճաշը համտեսելով: Պատանիները չէին ուզեր տուն վերադառնալ` երազելով եւ սպասելով բանակումի ուրախ ժամերուն:

Կրտսեր պատանիներու ամէնէն շատ սպասուած պտոյտը` «Տրիմ փարք» խաղավայրն էր: Մարտ 15, պայծառ ու հաճելի օր մը նաեւ կրտսեր պատանիներու համար: Ընկերային յանձնախումբը յաջողեցաւ շուրջ 150 կրտսեր պատանիներ ուրախ ժամերու մէջ պահել: Անոնք կը վազվզէին մէկ խաղէն միւսը` երկու ժամը նոյնիսկ անբաւարար նկատելով: Բնականաբար, անոնք իրենց յոգնութիւնը աւարտեցին միասնաբար ճաշելով «Տրիմ փարք» խաղավայրին մէջ, աւարտին հարց տալով իրենց պատասխանատուներուն` ընկերներ ե՞րբ դարձեալ պիտի այցելենք «Տրիմ փարք», ամէն շաբաթ երթանք ընկեր…

–

Share this Article
CATEGORIES