ԶՈՄ-ի Հիմնադրութեան 110-Ամեակի Ճաշկերոյթ

IMG_8498-9Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, շաբաթ, 22 մարտ 2014-ին, տեղի ունեցաւ ԶՈՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ, «Եռագոյն-Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին մեծ թիւով ներկայ եւ նախկին ԶՈՄ-ականներ ու բարեկամներ: Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին հերթաբար Շանթ Լոճիկեան (ձեռնադաշնակ) եւ հայրենի արուեստագէտ Արսէն Մրրօ Գրիգորեան: Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ ԶՈՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակին նուիրուած տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն փոխանցուեցան ԶՈՄ-ի վարչութեան, ինչպէս նաեւ ներկայ եւ նախկին ԶՈՄ-ականներու պատգամներն ու ողջոյնները:

Ձեռնարկի ընթացքին հաւաքուեցաւ աւելի քան 10,000 ամերիկեան տոլար` իբրեւ նուիրատուութիւն. գումար մը, որ պիտի տրամադրուի ԶՈՄ-ի զանազան աշխատանքներու կիրարկման:

Ձեռնարկին վերջաւորութեան օրուան թամատան բեմ հրաւիրեց ԶՈՄ-ի նախկին ատենապետներն ու ատենադպիրները, կարկանդակը հատելու համար:

Զաւարեան ուսանողական միութիւնը այս առթիւ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են միութեան ու սատար հանդիսացած անոր աշխատանքներուն յաջողութեան:

Այս ձեռնարկով սկիզբ կ՛առնեն միութեան 110-ամեակին նուիրուած նախաձեռնարկները, որոնք պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )