Վարժապետը
Ժամանակի թաւալքին հետ օրերը սահեցան, եւ ահա արդէն տարի մը գլորած է այն օրէն, երբ տխուր լուրը ստացանք: Յաջորդ օրը, կէսօրէ ետք, մեր գիւղացիները Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ յուզումնախառն ու արտասուալից աչքերով շրջապատած էին այն փայտէ սնտուկը, որ դագաղ կը կոչուի, եւ որուն մէջ կը հանգչէր հոգիի ամանը այն անձին, որ կը կոչուէր ու ճանչցուած էր որպէս վարժապետ, «ուսթեզ», տոքթոր, մեր գիւղի հարազատ զաւակը` գիւղացիներուն Ապանըզենց Ալեքսանը, Ալեքսան Թիւմպերեանը, կոչումներ, որոնց համար հպարտութիւն եւ անսահման հոգեկան գոհունակութիւն կը զգար իր ողջութեան: Վերջին անգամն էր, որ այս եկեղեցւոյ մէջ էր: Այս եկեղեցւոյ մէջ էր, որ իր մանկութեան, պատանեկութեան օրերուն իր հոգին հոգեւոր եւ կրօնական սնունդ ստացաւ, իր նկարագիրը թրծուեցաւ ու դաստիարակուեցաւ իրեն հասակակից այն միւս տղոց հետ, որոնք ճաշակեցին ու ապրեցան այս գիւղի սոսկալի ու դժուարին օրերը, պայքարելով ու մաքառելով տիղմերուն մէջ, պատառ մը հացի եւ մտքի լոյսի համար: Եկած եւ շրջապատած էին զինք իր գիւղացի վաղեմի մանկութեան ընկերները, հարազատները, պաշտօնակիցները, իր հազարաւոր աշակերտներէն ոմանք, վերապրելով եւ յիշելով իրմէ մնացած յուշերը, յիշելու մանաւանդ իրենց ուսուցիչը, վարժապետը` իր դրական ու ժխտական յիշատակներով եւ աղօթելու անոր հոգւոյն համար:
Վարժապետը, մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը, մնաց այն ուսուցիչը եւ դաստիարակը, որ արտաքնապէս իր աշակերտ-աշակերտուհիներուն կողմէ ճանչցուած էր որպէս խիստ մարդ, սակայն անոր կուրծքին տակ թաքնուած էր բարի սիրտ մը: Անոնց մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ անջնջելի կերպով դրոշմուած էր իրենց անգլերէն լեզուի եւ գիտութեան ուսուցիչի խստաբարոյ վարմունքը, ապագայի ուսումնականի եւ լաւ մարդու նկարագրի կերտման մտահոգութիւնն ու սէրը:
Մեր պաշտօնավարութեան ընթացքին, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ, առաւօտները կանուխ, աշակերտներէն առաջ, «թելեֆոն փոլի» պէս բակին մէջ կանգնած էր: Յետոյ` ուսուցչարանը նստած` իր մշտնջենական բարեկամ ծուխերուն հետ, կա՛մ կը զբաղէր սրբագրութեամբ, կա՛մ կը վիճէր ներկայ ուսուցիչներուն հետ` աշակերտներուն մասին իր ունեցած մտահոգութեանց պատճառով: Օրը արդէն իրեն համար կէսօր եղած էր: Ինք իր աքլորներու կանչէն առաջ արթնցած, մութնուլուսին իր սիրելի անասուններուն հետ մտերմութիւն մը ապրած կ՛ըլլար: Գոմերը մաքրել, կովերը, ոչխարները, այծերը կթել` միշտ անոնց հետ զրուցելով այնպէս մը, որ կարծէք անոնք մարդկային լեզուն հասկնային: Անասունները ունէին իրենց անունները, որոնցմով կը կանչուէին: Այնպիսի սէր մը ունէր անասուններուն հանդէպ, որ ինծի կը յիշեցնէր հօր եւ զաւկի սէրն ու յարաբերութիւնը. «Հայտէ եաւրըմ, քեզի կ՛ըսեմ, անդին գնա՛, խելօք կեցիր, քու ալ կարգդ կու գայ կթուելու»: Կը շոյէր, կը գուրգուրար, կը մաքրէր զանոնք սիրով եւ խանդաղատանքով:
Երազն էր ագարակ մը ունենալ: Գիւղը հին գիւղը չէր, կարելի չէր այլեւս գիւղին մէջ անասուն պահել եւ յարմար ալ չէր: Իր երազը իրականացուց: Գիւղէն հեռու, գերեզմանատան ետին գտնուող բլրակի մը վրայ, քաղաքապետարանէն վարձեց հողաշերտ մը ու հոն շինեց իր ագարակը: Ժայռոտ, ամայի այս տեղը, շատ կարճ ժամանակ մը յետոյ կանաչապատուեցաւ տեսակաւոր ծառերով` թուզ, խնձոր, խաղող, կաղին եւ այլն, շնչաւորուեցաւ տեսակաւոր անասուններով ու թռչնազգիներով: Այս գիւղական կեանքին ընտելացաւ քաղաքի մէջ ծնած ու մեծցած Ալեքսանին կողակիցը` Լիզան, եղաւ իսկական գիւղացի մը` նոյնանալով Ալեքսանին հետ, սկսեալ գոմէն, անասուններէն, հողէն, բանջարանոցէն, պարտէզէն, միշտ միասին ամէն տեղ: Երբեմն, երբ կ՛այցելէինք ագարակ, վարժապետը արդար հպարտութեամբ կը պարծենար, թէ ինչպէս յաջողած է կրթել անասունները: Մէկ, երկու բացագանչութիւններով հոս ու հոն ցրուած ոչխարներն ու այծերը կը մէկտեղուէին ու անմիջապէս, զինուորական շարքերու պէս շարուելով` կը վազէին դէպի գոմ:
Մեր գիւղը շրջապատող արաբ գիւղացիները մեծ համարում ունէին իր մասին: Ուսթեզին մէկ խօսքը երկու չէր ըլլար: Իր բոլոր խօսածները կ՛առնէին որպէս ճշմարտութիւն, ճշգրտութիւն եւ իրականութիւն: Կը հրճուէր ու կ՛ուրախանար, որ մեծ վարկ ու անուն կը վայելէր ուսթեզը անոնց մօտ, մանաւանդ` որպէս անասնապահութեան մասնագէտ: Ամբողջ Պեքաան, որպէս անասուններու տոքթոր կը ճանչնար զինք: Անասուններու հիւանդութեանց ատեն իր խորհուրդը կ՛առնէին կամ զինք կը կանչէին կովերու ծննդաբերութեանց ատեն եւ ատկէ ալ` իրեն տրուած «տոքթոր» կոչումը:
Հողը, ո՜հ հողը, գիւղը, գիւղացին, գիւղական աշխատանքները, գիւղին բարբառը տարբեր աշխարհ մը կը բանային իր հոգիին մէջ: Փորձեց ուսուցչական ասպարէզի առաջին տարիներուն քաղաքի մէջ ապրիլ: Կաշկանդուած զգաց, խորթ զգաց քաղաքին մէջ: Գիւղին պայծառ ու կապոյտ հորիզոնը տարբեր էր: Գիւղը ուրիշ է, ուրի՜շ: Գիւղին բարբառով խօսիլը սնունդ էր: Պատկանելիութիւն էր բարբառը:
Հող եւ հողի աշխատանք: Անասուններէն ետք երկրորդ աշխարհը հողն է: Ճիզմէն ոտքը` ամառուան կիզիչ արեւուն տակ գլխաբաց, ճերմկած մազերը որպէս գլխարկ, շապիկին կոճակները քակուած. կուրծքը բաց կը ցանէր ու խնամէր իր ցանած տեսակաւոր բանջարեղէնները, կը շոյէր բանջարեղէններուն թուփերը ու անոնցմէ եկած բոյրը զինք կ՛առինքնէր ու հոգեկան գոհունակութիւն կը պատճառէր: «Հողին բոյրը, լոլիկի թուփին բոյրը պիտի առնես», կ՛ըսէր: Արուեստական ամէն ինչի դէմ էր: Բնական պարարտացուցիչ` օրկենիք, քիմիական գործածելու դէմ էր: Գիւղացին պէտք էր թէ՛ ծառի եւ թէ՛ բանջարեղէնի ամէն տեսակը ցանէր, մշակէր իր անձնական հողէն ու իր աշխատանքէն ունենար այդ ամէնը:
Ամառուան իրիկունները, ագարակին բակը նստած` արեւու վերջին ճառագայթներուն հետ, նախքան կովերը կթելը, իր գիւղացի բարեկամներուն հետ, օրուան խոնջէնքէն ետք, արեւակէզ կարմիր դէմքը տուած իրիկնային զով զեփիւռին, վայելելով իր ծխախոտն ու սուրճը` կը վերլուծէր օրուան անցուդարձները, օրուան աշխատանքը, անասնապահական, երկրագործական, ընկերային թէ քաղաքական բոլոր հարցերը:
Ձմեռուան գիւղի երկար գիշերներուն կը սիրէր ակումբ երթալ ու հոն` թղթախաղի իր մնայուն ընկերներուն հետ զբաղումի համար թղթախաղ խաղալ, սակայն միշտ ականջը տուած իր շրջապատի սեղաններու խօսակցութեանց եւ երբեմն ալ ընդմիջելով անոնց խօսակցութիւնը, կէս ձգելով թղթախաղը, իր խիստ մեկնաբանութիւնը եւ վերլուծումը կու տար:
Ծոյլերուն եւ ծուլութեան հանդէպ ատելութիւն ունէր: Մարդ ըսուածը ճակտի քրտինքով պիտի վաստակի իր ապրուստը եւ ոչ` զարտուղի միջոցներով: Դիւրին եւ արագ կերպով հարստանալուն եւ հարստացածներու հանդէպ ժխտական զգացում մը ունէր:
Ալեքսանը ունէր իր ուրոյն համոզումները, գաղափարականը` ազգային հարցերու: Որպէս անաչառ, անշահախնդիր մարդ` յառաջացած տարիքին միացաւ ՀՅԴ-ի շարքերուն, սակայն անսակարկ նուիրեալ կուսակցական մը եղաւ: Պատասխանատու պաշտօններ վարեց եւ որպէս արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներուն լաւ տիրապետած` իրեն վստահուեցաւ գիւղի քաղաքապետութեան քարտուղարութիւնը, որ կատարեց անսակարկ նուիրումով, ձեռնհասութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ առանց ակնկալութեան:
Երբ մարդիկ անդարձ կը մեկնին մեր այս անցաւոր պանդուխտ ու հիւրանոց աշխարհէն, երբ մարդոց բացակայութեամբ զգալի բաց մը կը ստեղծուի ժամանակի սահանքին հետ, այն ատեն կը սկսինք փնտռել մեկնողը, մեկնողները: Ալեքսանը բաց մը թողուց ու մենք` մնացողներս կը փնտռենք զինք որպէս իսկական ու անկեղծ բարեկամ մը, որպէս նուիրել անձնազոհ ուսուցիչ-վարժապետ-ուսթեզը, որպէս իսկական ու տիպար գիւղացի մը` իր գիւղացիի անկեղծութեամբ եւ պարզութեամբ:
ՄԵՍՐՈՊ ՔՀՆՅ. ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ

