«Պուսթան» Փառատօնին Կողմէ Լիբանան Հրաւիրուելով. «Հայկական Նոթաները Մեր Երկրորդ Այբուբենն Են», Յայտնեց Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբի Խմբավար Սերգէյ Սմբատեան
Վերջերս լիբանանեան «Պուսթան» փառատօնի կազմակերպիչ մարմինին հրաւէրով Լիբանան այցելեց Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը` խմբավարութեամբ հայրենի տաղանդաւոր ջութակահար, մայեսթրօ Սերգէյ Սմբատեանի: Նուագախումբը իր չորս ելոյթներէն առաջինը ունեցաւ չորեքշաբթի, 19 մարտ 2014-ի երեկոյեան, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի համանուն եկեղեցւոյ մէջ, Մոնօ: Իսկ մնացեալ ելոյթները ներկայացուեցան ուրբաթ 20 եւ շաբաթ 21 մարտ 2014-ի երեկոյեան, «Պուսթան» փառատօնի «Էմիլ Պուսթանի» հանդիսասրահին մէջ:
Այս առթիւ «Վանայ Ձայն»-ի խօսնակ Լորիկ Սապունճեան իր հաղորդած «Հանդիպում» յայտագիրին ընթացքին հարցազրոյց մը ունեցաւ նշեալ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար մայեսթրօ Սերգէյ Սմբատեանի հետ:
Ստորեւ հարցազրոյցին հիմնական մասերը` որոշ յապաւումներով.
***
ՀԱՐՑՈՒՄ.- «Պուսթան» միջազգային փառատօնը իր 20-րդ յոբելենական հանդիսութեան առթիւ, որպէս գլխաւոր նուագախումբ, հրաւիրեց ձեզ, ինչպէ՞ս եղաւ այս գործակցութիւնը:
ՍԵՐԳԷՅ ՍՄԲԱՏԵԱՆ.- Հրաւէրը ստացանք շատ պարզ ձեւով: Անցեալ տարի եւս մենք ստացած էինք նման հրաւէր այս փառատօնին կողմէ, սակայն ժամանակը շատ կարճ ըլլալով` չկրցանք ընդառաջել: Բայց այս տարի մենք հոս ենք, փառատօնին հրաւէրով ներկայացնելու դասական երաժշտութիւն` Պեթհովենի իններորդ «սեմֆոնիան»: Այս հրաւէրը մեզի համար շատ մեծ պատիւ է եւ մեծագոյն յաղթանակ է եւ` պարտաւորեցնող, նախ որ այս փառատօնը հանրածանօթ է եւ հարուստ է իր մշակութային պատմութեամբ: Նաեւ` մենք այսօր կ՛այցելենք ամէնէն յայտնի լիբանանահայ համայնքին, որ մշակութային շատ աշխուժ գործունէութիւն ունի եւ, կը կարծեմ, որ պէտք է միաւորել այդ բոլոր ճիգերը: Մենք միշտ պատրաստ ենք ընդառաջելու մեր հայ համայնքի հրաւէրներուն: Նաեւ շատ ուրախ ենք, որ պիտի գործակցինք իտալացի խմբավարի հետ: Մենք հրաւէրը ստացանք, որովհետեւ այն մենակատարները, որոնք Հայաստանի մէջ ելոյթներ ունեցած են եւ ծանօթ են մեր կարողութեան, Լիբանան գալով` մեր մասին արտայայտուած են մեծ դրուատիքով եւ առաջարկած` ըսելով, որ` «Հայաստանի մէջ կայ երիտասարդական փայլուն նուագախումբ, ինչո՞ւ չէք հրաւիրեր զիրենք»:
Հ.- Այս տարեվերջին ձեր նուագախումբը ինը տարեկան կ՛ըլլայ: Ինչպէ՞ս յղացաք գաղափարը եւ կազմեցիք ձեր այս երիտասարդական նուագախումբը, որ անունով երիտասարդական, սակայն փորձառութեամբ իսկապէս վարպետ կատարողներու խումբ է եւ վերջին տարիներուն նուաճեց բաւական պատասխանատու միջազգային բեմեր: Խօսինք այս նուագախումբի կազմութեան պայմաններուն մասին 2005-ին:
Ս. Ս.- Որպէս Երեւանի ուսանողներ ու դասական երաժշտութեան սիրահարներ` շատ կ՛ուզենք ապրիլ ու ստեղծագործել Հայաստանի մէջ, առ այդ որոշեցինք համախմբուիլ դասական երաժշտութեան հաւաքական նուագախումբ մը հիմնելու գաղափարին շուրջ, որ ունենայ ըսելիք, ա՛յլ խօսք: Ու յաջողեցանք մեր այդ հայեացքին մէջ եւ այսօր մեր նուագախումբը իրագործուեցաւ, ստացաւ պետական ճանաչում` բոլորիս միահամուռ ճիգերով: Սակայն սկիզբը քիչ մը տարբեր էր, առաջին երեք տարիները դժուար, բայց շատ «ռոմանթիք» էին, ունեցանք դժուար ճանապարհ: Սակայն այսօր ութ տարիներու մեր գործունէութիւնը նուաճեց շատ լուրջ յաղթանակներ միջազգային մեծագոյն բեմերու վրայ` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ մեծագոյն փառատօներու հրաւէրով: Մենք տակաւին շատ գործ ունինք ընելիք, մեր նպատակն ու առաքելութիւնն է` ցոյց տալ աշխարհին, թէ Հայաստան թէեւ փոքր երկիր է, բայց ունի մշակութային հարուստ աւանդ ու ներուժ:
Հ.- Նշեմ, որ դուք ամբողջ տարածաշրջանին մէջ առաջին երիտասարդական նուագախումբն էք: Ի՛նչն է ձեր յաջողութեան գաղտնիքը:
Ս. Ս.- Մեր նուագախումբին անդամները հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ տաղանդաւոր հայեր են, բոլորն ալ շրջանաւարտ` Երեւանի պետական Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն, ունին մշակութային-երաժշտական յատուկ կազմաւորում, յատուկ կարողականութիւն, ինչ որ իւրայատուկ երեւոյթ է, հակառակ ներկայիս ընդհանրացող համաշխարհայնացումի երեւոյթին: 2007-ին ես դրացի մէկ երկրէ մը ստացայ շատ հետաքրքրական հրաւէր, որ երթամ իրենց մօտ եւ հիմնեմ նուագախումբ: Ես անդրադարձայ, թէ ատիկա, աւելի քան անհատականը, ունի մշակութային հաւաքական ներուժի կիզակէտ եւ ատիկա պարզ խմբավարութեան` մանէյճմընթ-ի հարցէ աւելի` Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան կ՛ակնարկէր: Համայն նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ Հայաստան առաջինն է, որ ունի երիտասարդական պետական նման նուագախումբ: Հայաստանի մէջ կայ շատ տաղանդաւոր երիտասարդ սերունդ, եւ ես, որ հպարտութեամբ կրնամ ըսել, թէ Հայաստանի մէջ ունինք կրթական բարձր համակարգ եւ մշակութային-երաժշտական մարզը յատուկ յարգանք կը վայելէ: Ընդհանրապէս հայ ազգի մասին խօսելով` երաժշտութիւնը մեզի համար շատ հոգեհարազատ է: Մեր մօտ երաժշտական մարզի հանրածանօթ անձնաւորութիւններու եւ դիւանագէտներու վկայութեամբ իսկ կ՛ըսեն, թէ երաժշտական նոթաները մեր երկրորդ այբուբենն են: Բնականաբար մեր անդամները միաւորուեցան հաւաքական այս գաղափարի շուրջ` ուզելով աշխարհին փոխանցել, թէ Հայաստանի մէջ կայ մշակութային-երաժշտական նման երիտասարդական «ուժ» եւ հարուստ ժառանգ:
Հ.- Ձեր նուագախումբը քանի՞ անդամներով Լիբանան ժամանած է եւ ձեր ամէնէն երիտասարդ անդամը քանի՞ տարեկան է:
Ս. Ս.- Լիբանան ժամանած ենք 68 անդամներով ու մեր կազմին ամէնէն երիտասարդ անդամը 16 տարեկան է: Մենք ալ, երբ ութ-ինը տարիներ առաջ սկսանք, 17-18 տարեկան երիտասարդներ էինք, հիմա արդէն մեծցած ենք:
Հ.- Պատանի տարիքէդ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր ջութակահար էիր, ինչպէ՞ս որոշեցիր խմբավար դառնալ: Բրիտանիոյ գահաժառանգ Շարլ իշխանի ներկայութեան թէ միջազգային բեմերու վրայ ունեցած ելոյթներդ որքանո՞վ ազդեցին երաժշտական կազմաւորումիդ վրայ:
Ս. Ս.- Դժուար չէր այդ ընտրութիւնը ինծի համար: 2005-ին արդէն ես Պէյրութի մէջ ելոյթ ունեցայ, որ շատ յաջող էր: Նմանապէս նոյն շրջանին մասնակցեցայ մէկ մրցոյթի Իտալիոյ մէջ ու յաղթեցի: Եւ երբ 15 տարեկան հասակիս ընդունուեցայ պետական երաժշտանոց, դիմեցի մեր երաժշտանոցի խմբավարութեան դասարանի հիմնադիրներէն` մայեսթրօ Դաւիթեանին, թէ ջութակահար ըլլալով` ունեցած եմ համերգներ տարբեր ցեղերէ տարբեր խմբավարներու հետ եւ կը փափաքիմ դառնալ խմբավար: Դրական պատասխան ստանալով` սկսանք վարժութիւններու եւ երկու տարի ետք արդէն հիմնեցինք մեր նուագախումբը` առանց հրաժարելու ջութակահար ըլլալու իմ ցանկութենէս: Խմբային աշխատանքով ու փոխադարձ օգնութեամբ եւ աշխատանքի բաժանումով յաջողեցանք հասնիլ այս հանգրուանին:
Հ.- Բրիտանիոյ գահաժառանգ Շարլ իշխանի ներկայութեան թէ միջազգային բեմերու վրայ ունեցած ելոյթներդ որքանո՞վ ազդեցին երաժշտական կազմաւորումիդ վրայ:
Ս. Ս.- Այո՛, Մոսկուայի թէ Լոնտոնի մէջ իմ մասնագիտական ուսումս մեծապէս ազդեցին վրաս: Նմանապէս ուսանած եմ Ցիւրիխի թէ Վիեննայի մէջ եւ իմ ունեցած ելոյթներս միջազգային զանազան յարգուած անուանի բեմերու վրայ շատ մեծ դեր ունեցան: Լոնտոնի մէջ մրցոյթի մը յաղթելով` ստացայ յատուկ կրթանպաստ` «Ռոյըլ աքատեմի»-ի «Քոլըն Տէյվիս»-ի դասարանի մէջ ուսանելու համար, ու ասիկա իմ երազներէս մէկն էր, ուսանիլ Լոնտոնի «Ռոյըլ աքատեմի»-ին մէջ: Հետագային պատիւը ունեցայ գահաժառանգ իշխանին յատուկ հրաւէրով ելոյթ ունենալու, Ուինտսոր եւ ապա Պաքինկհամ պալատներուն մէջ եւ իմ նուաճումներուս շարքը շարունակուեցաւ:
Հ.- Ի՞նչ են նուագախումբի անդամ դառնալու պայմանները, դժուա՞ր են անոնք:
Ս. Ս.- Ընդհանրապէս տաղանդաւոր երիտասարդներ են մեզի ներկայացողները, որոնք կը մասնակցին յատուկ մրցանքի, որուն արդիւնքներու լոյսին տակ կ՛ընտրենք մեր նոր անդամները:
Հ.- Ձեր նախաձեռնութիւններէն են, օրինակ, Ս. Ծնունդի նախօրէին «Սեմֆօ Ճեզ»-ը «Հոլիվուտ նան սթափ»-ը խորագրեալ ելոյթները: Կ՛ուզէ՞ք քիչ մը մանրամասնել այս մասին, ո՞վ յղացաւ այս ծրագիրին գաղափարը եւ ինչպէ՞ս մշակեցիք զայն:
Ս. Ս.- Ճիշդ է, այդ ծրագիրները յաջողեցան եւ շատ մեծ արձագանգ ունեցան: Որպէս դասական երաժշտութեան հմուտ նուագողներ, եզակի, աննախընթաց երեւոյթ էր Ս. Ծննդեան նախօրէին նման ելոյթով հանդէս գալը: Մենք մեր ճիգերն ու ձիրքերը կեդրոնացուցինք այդ ուղղութեամբ, այն գիտակցութեամբ, որ մենք բոլորս` նուգախումբի անդամները, Վահագն Հայրապետեանը, Արմէն Հիւսնունց «Ճազ պենտ» կարող ենք եւ ունինք այն կարողականութիւնը, որ միաձուլելով մեր ճիգերը` կրնանք նման աննախընթաց ներկայացումով հանդէս գալ, ուր շատ հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցինք Ս. Ծնունդի նախօրեակին: Նմանապէս եւ «Ճազ Պենտ»-ի պարագային, միացեալ ճիգերով կրցանք իրականացնել նման նուաճումներ: Հոս կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել մեր մեկենասին` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի տնօրէն Ռալֆ Երիկեանին, որուն նիւթական աջակցութեան շնորհիւ է, որ մենք հոս ենք եւ աշխուժ գործունէութիւն ունինք, «Հոլիվուտ նան սթափ»-ի թէ նման այլ նախաձեռնութեանց իրագործման մէջ:
Հ.- Աւարտին, յաջողութիւն պիտի մաղթեմ ձեզի եւ շնորհակալութիւն` նուագախումբի շրջագայութեան եւ ծրագիրներու համակարգող պատասխանատու ձեր գործընկերոջ` Լիլիթ Մնացակեանին, նմանապէս եւ` հանրային յարաբերութեանց պատասխանատու Մելինէ Յակոբեանին: Յիշեցնեմ ձեր նուագախումբին կայքէջը` www.syoa.am : Նաեւ ունիք ձեր «էջ»-ը դիմատետրի վրայ` syoa, նաեւ` ձեր կայանը չենըլը «Եու-թիուպ»-ի վրայ:

