Ամալ Շարժումի Մարզական Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան

amal-1Սին էլ Ֆիլի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ, Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ընդունեց այցելութիւնը Ամալ շարժումի մարզական մէկ պատուիրակութեան, որուն մաս կը կազմէին Մոհամետ Սէյֆէտտին, Մազեն Քուպէյսի, Ուիսամ Շիրի, Հիւսէյն Աուարիքա, Ալի Ալաուիա եւ Մոհամետ Իսսա:

Այս պատուիրակութեան հետ հանդիպում ունեցան Ժիհատ Սալամէ, Ճօ Քուփալի, Տինա Նասըր, Ֆատի Թապեթ, Իսամ Ապու Ժաուտէ, Էլի Տագէսեան, Զիատ Պաթիշ, Ժան-Քլոտ Ղոսըն եւ Սարգիս Երէցեան:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած այս հանդիպումին մէկ բաժինին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա:

Երկու կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան եզր մը որոշեցին գտնել, որպէսզի միասնաբար աւելի աշխուժ ձեռնարկներ եւ մրցաշարքեր կազմակերպեն:

Այս հանդիպումին աւարտին, որ ընդհանրապէս եղաւ մարզական կեանքը յուզող խորհրդակցութիւններու առիթ մը, երկու կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցին յաջորդ հանդիպումը մօտիկ ապագային կայացնելու Ամալ շարժումի կեդրոնատեղիին մէջ:

amal-2

Share this Article
CATEGORIES