«ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ». ԲԱՆԱՆՑ ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՈՒԼԻՍ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՆ
«Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներն ալ պարտութիւն կրեցին:
Բանանց Երեւան, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Օլիմփի Ռուսթաւին (Վրաստան), 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Մրցումին միակ կոլը նշանակած Իրաքլի Քոպալիա (48-րդ) վայրկեան մը ետք իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ: Դժբախտաբար, սակայն, հայկական կազմը այդ առաւելութենէն չկրցաւ օգտուիլ:
Ուլիս, որ հիւրը եղաւ Ֆերենքվարոշի (Հունգարիա), 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեամբ վերադարձաւ Հայաստան:
Մրցումին 45-րդ վայրկեանին Արտեոմ Ադամեան չյաջողեցաւ փենալթին կոլի վերածել, մինչ մրցումը կ՛ընթանար 2-0 արդիւնքով:
CATEGORIES Մարզական


