Թուրքիոյ Հրետանին Կրակ Բացած Է Քեսապի Ուղղութեամբ

Kessab-2803Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ալեքսանտրէթ նահանգի Եայլատաղ շրջանի դատարկ հողատարածքին մէջ սուրիական կողմէն արձակուած ռումբի պայթումին պատճառաբանութեամբ թրքական բանակը պատասխան հարուածներ հասցուցած են սուրիական տարածքին:

Եայլատաղի հակառակ կողմը` թուրք-սուրիական սահմանէն 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուի հայաբնակ Քեսապ աւանը, որուն համար մարտերը կը շարունակուին:

Ալեքսանտրէթի նահանգապետարանին հրապարակած տեղեկութեան համաձայն, հինգշաբթի երեկոյեան Սուրիոյ կողմէ արձակուած ռումբ մը պայթած է Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող դատարկ հողատարածքին մէջ: Պայթումին պատճառով զոհեր կամ նիւթական վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն Թուրքիան հրետանային պատասխան հարուած հասցուցած է եւ գնդակոծած Սուրիոյ տարածքը:

Լիբանանեան «Նաշրա» լրատուական կայքը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը թիրախ դարձուցած է Քեսապի շրջակայքը եւ Քալատուրանի մէջ գտնուող ընդդիմադիր զինեալներու դիրքերը, իսկ սուրիական օդուժը հարուածած է Քեսապի մօտ գտնուող Քոզ լերան եւ Խըրպեթ Սուլասի մէջ գտնուող մեծաթիւ զինեալներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )