Տաւութօղլու Սուրիոյ Դէմ Պատերազմի Սկսելու Մասին Զրոյցի Գաղտնալսումը Թուրքիոյ Դէմ Պատերազմ Կը Նկատէ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անդրադարձած է Թուրքիան ցնցած գաղտնալսման հրապարակումին, ուր ինք եւ ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչները գաղտնի կը խօսին Սուրիոյ ընդդիմութիւնը զինելու, սուրիական կողմէն Թուրքիոյ դէմ սադրանք իրականացնելու եւ Սուրիոյ դէմ պատերազմի սկսելու մասին:
Տաւութօղլու յայտարարած է, որ գաղտնալսման հրապարակումը կարելի է համեմատել թրքական պետութեան դէմ պատերազմ յայտարարելուն:
Համացանցի վրայ յայտնուած ձայնագրութեան խօսակցութիւնը կատարուած էր Սուրիոյ հարցով գաղտնի խորհրդակցութեան ընթացքին, որուն Տաւութօղլուի կողքին մասնակցած են գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտանն ու թրքական բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ Եաշար Կիւլեր:
Գաղտնալսման հրապարակումէն ետք, «Եութիուպ»-ը արգիլուեցաւ Թուրքիոյ տարածքին:
Ըստ Տաւութօղլուի, պետութիւնը ամէն կարելին պիտի ընէ` այդ արարքին մեղաւորները գտնելու եւ պատժելու համար: Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ ուժային կառոյցները գաղտնալսելը երկրին դէմ ուղղուած լրտեսութիւն է: