Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հետեւի Քեսապահայութեան Խնդիրներուն
Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ–ի Ընդհանուր
Քարտուղարի Ներկայացուցիչը
Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Փլամպլի եւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ուրբաթ, 28 մարտ 2014-ի երեկոյեան վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին հետ Քեսապի հարցին շուրջ խորհրդակցիլ: Յայտնենք, որ օր մը առաջ Նիւ Եորքէն հեռաձայնած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճեֆրի Ֆելթման եւ ուզած էր վեհափառ հայրապետին տեսակէտը ունենալ Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան մասին: Վեհափառ հայրապետը առաջարկած էր Քեսապը յայտարարել ապազինեալ շրջան: Տերեք Փլամպլիին պարտականութիւն տրուած էր այս ծրագիրին շուրջ աւելի լայն խորհրդակցութիւններ ունենալ վեհափառ հայրապետին հետ: Վեհափառը անգամ մը եւս Փլամպլիին ուշադրութեան յանձնեց Քեսապի յատուկ կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար, թէ Քեսապի հայութիւնը շուտով պէտք է վերադառնայ իր շրջանը: Միաժամանակ վեհափառը շեշտեց Լաթաքիա հաստատուած քեսապահայութեան օժանդակելու հրամայականը: Փլամպլի վեհափառին յայտնեց, որ այսօր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուելիք տեղեկագիրին մէջ պիտի յիշուի Քեսապի հարցը: Ան նաեւ վեհափառ հայրապետին խոստացաւ, որ ապրիլ ամսուան սկիզբը ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցի ընդհանուր պատասխանատուին, Լիբանանի մէջ հաստատուած գաղթականներուն տալիք այցելութեան ծիրին մէջ ան պիտի արծարծէ Քեսապի հայութեան մարդասիրական օգնութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛առաջարկէ
ՄԱԿ–ին Ապազինել Քեսապի Շրջանը
Հինգշաբթի, 27 մարտ 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին հեռաձայնեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճեֆրի Ֆելթման:
Ան վեհափառին յայտնեց, որ ՄԱԿ մտահոգ է Քեսապի մէջ ստեղծուած ապահովական կացութեամբ` աւելցնելով, որ ինք այս ուղղութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ, ինչպէս նաեւ տեսակցած է ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպաններուն հետ:
Վեհափառ հայրապետը, պարզելէ ետք Ֆելթմանին Քեսապի մէջ տիրող կացութիւնը, այդ գծով շեշտեց թրքական գործօնին կարեւորութիւնը: Վեհափառ հայրապետը առաջարկեց, որ ՄԱԿ-ի կողմէ քննուին Քեսապի շրջանը ապազինելու կարելիութիւնները: Ֆելթման շինիչ գտաւ վեհափառ հայրապետին առաջարկը եւ խոստացաւ այս ուղղութեամբ Լախտար Իպրահիմիի հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները կատարել:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կոչ Կ՛ուղղէ
Օժանդակելու Քեսապահայութեան
Արամ Ա. կաթողիկոս վերջին օրերուն Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան գծով շարունակեց իր աշխատանքները ու խորհրդակցութիւնները: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետին զեկուցեցին իր կողմէ Լաթաքիա ղրկուած յաջորդական երկու պատուիրակութիւնները: Վեհափառ հայրապետը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանք ժամանած Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Ճորճ Շահինեանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քեսապցի ներկայացուցիչներուն հետ: Իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն ու հանդիպումներուն լոյսին տակ վեհափառ հայրապետը քեսապահայութեան օժանդակութիւնը կը նկատէ խիստ հրամայական ու անյետաձգելի: Առ այդ, վեհափառ հայրապետը ժողովուրդին ուշադրութեան կ՛ուզէ յանձնել հետեւեալ կէտերը.
1) Մեծապէս կը գնահատենք Քեսապի հայութեան զօրակցութեան արտայայտութիւնները` Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
2) Անհրաժեշտ է մեր հաւաքական զօրակցութիւնը վերածել գործնական աշխատանքի` օժանդակութեան անմիջական ձեռք երկարելով Քեսապի հայութեան:
3) Որպէսզի կատարուելիք օժանդակութիւնը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու արագ, կարեւորութեամբ կը թելադրենք, որ բոլոր օժանդակութիւնները կատարուին կաթողիկոսարանին ճամբով` յատկացուելու համար Քեսապի հայութեան անմիջական կարիքներուն ու վերականգնումին:
Նշենք, որ դրամատնային փոխանցումները պէտք է կատարել հետեւեալ հաշիւին.
Bank: FRANSABANK SAL, Antelias Branch, Lebanon
Name of Account: CATHOLICOSSAT ARMENIEN DE CILICIE
IBAN: LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501
SWIFT Code: FSAB LB BX
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց
Հայաստանի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը
Երէկ առաւօտեան Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայաստանէն ժամանած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան` իր անմիջական օգնականներով: Պատուիրակութիւնը օր մը առաջ այցելած էր Լաթաքիա եւ հանդիպում մը ունեցած այդտեղ ապաստանած Քեսապի հայերուն հետ: Պատուիրակութիւնը նաեւ հանդիպում ունեցած էր Սուրիոյ նախագահին հետ: Խորհրդարանական պատուիրակութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան, եւ իր միասնականութիւնը յայտնել` թարգմանը հանդիսանալով Հայաստանի իշխանութեան ու ժողովուրդին:
Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկաներուն պարզեց Քեսապի ու Լաթաքիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կատարած օժանդակութիւններն ու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ իր ունեցած խորհրդակցութիւնները քաղաքական ու դիւանագիտական շրջանակներուն հետ: Վեհափառը նաեւ այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին արտայայտած զօրակցութեան եւ իր կատարած աշխատանքներուն գծով, յատկապէս քաղաքական-դիւանագիտական մարզին մէջ:

