Ներկայութեամբ Տինքի Փաստաբան Էրտալ Տողանին «Հրանդ Տինք» Միջդպրոցական Շարադրութեան Դ. Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւն

doghan-28032014Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, երէկ` ուրբաթ, 28 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» միջդպրոցական շարադրութեան Դ. մրցանքի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը` ներկայութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի հրաւէրով Լիբանան ժամանած Հրանդ Տինքի փաստաբան Էրտալ Տողանին եւ պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեանին, մրցումի դատական կազմի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, մամլոյ ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Աննա Քրիսթինա Գոլանճեան, որ ըսաւ. «Մեր պահանջատիրութիւնը կանգ պիտի չառնէ ու մեր ժողովուրդին կանչերը պիտի չդադրին, որովհետեւ Տինքին արեան կաթիլներուն հետքերով նոր տինքեր պիտի ծնին ու պիտի շարունակեն փշոտ ուղին: Նորերը պիտի գան ու Հայոց ցեղասպանութեան արդար հատուցման ի խնդիր պիտի պայքարին մինչեւ ամբողջական յաղթանակ»:

Ժիրայր Դանիէլեան

Ժիրայր Դանիէլեան

Էրտալ Տողան

Էրտալ Տողան

Ապա ներկաները դիտեցին Տինքի վկայութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ դատական կազմի անդամ  Ժիրայր Դանիէլեան, որ մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանին նախաձեռնութիւնը: Դանիէլեան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարի մասնակցող 13 վարժարաններուն կը միանան լիբանանահայ բոլոր վարժարանները, որովհետեւ մրցումը ամբողջովին օգտակար է եւ դաստիարակիչ: Մրցումին բնոյթն ու դատական կազմին արժեւորման աշխատանքներուն ընթացքը ներկայացնելէ ետք, Ժիրայր Դանիէլեան յոյս յայտնեց, որ աշակերտները կը շարունակեն գրել, Տինքի նման ունենան խիզախութիւն եւ քաջութիւն:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով մեսրոպեանական Համբարձում Յովսէփեան նուագեց կիթառով, որմէ ետք «Հրանդ Տինք» շարադրութեան անդրանիկ մրցումի մրցանակակիր Ալիք Գանտահարեան ընթերցեց իր ուղերձը, որուն մէջ արժեւորեց շարադրութեան մրցումը, որուն ճամբով ինք ծանօթացած էր Տինքին արժէքին եւ ներդրումին:

Իր կարգին, խօսք առաւ Տինքի փաստաբան մեթր Էրտալ Տողան, որ ներկայացուց Տինքին արժէքներն ու նկարագրային յատկանիշները: Ան ըսաւ. «Բոլորս Հրանդին ուղիին հետեւելով հանդարտութեամբ պայքարը կը շարունակենք, որպէսզի վերականգնենք Տինքի ժողովուրդին արդար իրաւունքները: Հրանդ Տինքերը սպաննելով գործը կիսատ պիտի չմնայ, քանի որ նոր տինքեր պիտի շարունակեն գործել»:

Կրեկուար Գալուստ

Կրեկուար Գալուստ

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ մեսրոպեանական Կարինէ Ներսէսեանի կատարողութեամբ Տինքին նուիրուած երգի կատարումով, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն, դատական կազմի անդամներուն` Շահան Գանտահարեանին, Սարգիս Նաճարեանին եւ Ժիրայր Դանիէլեանին, մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն, որոնց հաւաքական ճիգերով չորրորդ տարին ըլլալով կ’իրականանայ նախաձեռնութիւնը: Գալուստ ըսաւ, որ այնքան ատեն որ հայ աշակերտները Տինքով կը տոգորուին, ապա հայութիւնը պիտի վերատիրանայ իր իրաւունքներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պիտի ստանայ արդար հատուցում:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» շարադրութեան Դ. մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: Առաջին հանդիսացան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն Արենի Խաչատուրեան եւ Նարինէ Մարգարեան, իսկ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը հերթաբար գրաւեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Հայկ Թապաքեան եւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն Սէրլի Տէրտէրեան: Մրցանակակիրները ստացան տնօրէնութեան կողմէ տրամադրուած նիւթական պարգեւներ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ հեղինակներու եւ հրատարակչատուներու կողմէ տրամադրուած գիրքեր: Յայտնենք, որ առաջին հանդիսացող վարժարանը նաեւ ստացաւ մրցումին նշանակը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )