Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Թատամոն, Ապա` ՀՄԸՄ – Պըրժ Այնթուրա

Երէկուան մրցումէն
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ եւ դարձի 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 29 մարտին, յետմիջօրէին ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մազադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Թատամոնը:
Դարձին իր արձանագրած յաջորդական հինգ յաղթանակներուն շնորհիւ ՀՄԸՄ բարձրացաւ 6-րդ դիրք: Այսօր այլ յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ աւելիով պիտի ամրապնդէ իր այդ դիրքը եւ անշուշտ պիտի փորձէ աւելի բարձրանալ դասաւորման մէջ:
Երթին Ղազիրի դաշտին վրայ թէեւ Թատամոն երեք կէտի տարբերութեամբ յաղթեց ՀՄԸՄ-ին (78-75), սակայն այժմ խումբը գտած է իր տինամիք կազմը եւ տիրական ներկայութիւն դարձած Ա. դասակարգին մէջ:
Նշենք, որ այսօր միեւնոյն ժամուն տեղի պիտի ունենայ այս հանգրուանին գծով այլ մրցում մըն ալ, որուն ընթացքին, Սաֆատիի մարզահամալիրին մէջ Մութթահետ պիտի հիւրընկալէ Հուփսը:
ՀՄԸՄ – Թատամոն մրցումին պիտի յաջորդէ (երեկոյեան ժամը 19:00-ին) ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պըրժ Այնթուրա մրցումը, որ կ՛իյնայ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Նշենք, որ երէկ գիշեր, տղոց դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռիատի իր դաշտին վրայ 91-75 արդիւնքով յաղթեց Ամշիթի (21-16, 49-34, 66-56 եւ 91-75):

