«Սայֆքօ» Հովանաւոր` ՀՄԸՄ Անթիլիասի Պասքեթպոլի Աղջկանց Խումբին

sayfco

PROFOTO

ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Իշխան Եղիայեան յայտարարեց, որ «Սայֆքօ» ընկերութեան տնօրէն-խորհուրդի նախագահ Շահէ Երեւանեան ստանձնած է հովանաւորութիւնը ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբին, որ նախորդ տարեշրջանին հանդիսացած էր Լիբանանի փոխախոյեան (ախոյեանութիւն եւ բաժակի մրցաշարք):

Այս համաձայնագիրի ստորագրութեան ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, ֆետերասիոնի հաշուապահ Ճորճ Սապունճեան, պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամներ Յակոբ Ճերանեան եւ Րաֆֆի Գասապեան, ինչպէս նաեւ մարզիկներ Նաթալի Սվաճեան եւ Այտա Պախոս:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի պատուիրակութեան իր ուղղած խօսքին մէջ Շահէ Երեւանեան ըսաւ, որ իր զօրակցութիւնը եւ քաջալերանքը կը յայտնէ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին` միեւնոյն ժամանակ ալ մաղթելով, որ անիկա հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան եւ բաժակակիր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )