Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – ՀՄՄ Եւ Սաֆա – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 30 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ եւ ՀՄՄ կը մրցին իրարու դէմ:

Նշենք, որ այս մրցումը թէեւ դարձի վերջին հանգրուանն է, բայց ախոյեանութիւնը պիտի չաւարտի` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր խմբակի (ընդամէնը` չորս խմբակ) առաջին դիրքը գրաւողը միայն կ՛ապահովէ փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը:

Նշենք, որ այժմ ՀՄՄ կը գրաւէ առաջին դիրքը` կէտի մը առաւելութիւնը ունենալով ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին վրայ, որ ունի 22 կէտ:

Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, վաղը` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ Սաֆայի դաշտին վրայ կը մրցի դաշտին տիրոջ դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )