Հարցազրոյց` Պէյրութի Մարաթոնի Միութեան Նախագահ Մայ Խալիլի Հետ
Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Ինյպէս ծանօթ է, կիրակի, 4 մայիս 2014-ին տեղի պիտի ունենայ «Վազէ՛ առաջ, բա՛ւ է ետդարձ կատարել» անունին տակ վազքի մրցում մը, որ յատկացուած է միայն իգական սեռին:
Կիներու վազքի այս մրցումը տեղի կ՛ունենայ երկրորդ անգամ ըլլալով` կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի:
Այս առիթով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մայ Խալիլի հետ, որ որոշ բացատրութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տուաւ այս ուղղութեամբ:
Ստորեւ` այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.
«ԱԶԴԱԿ».- Որոշ փոփոխութիւններ տեղի ունեցա՞ն նախորդ տարուան վազքին եւ այս տարի տեղի ունենալիքին միջեւ:
ՄԱՅ ԽԱԼԻԼ.- Բնականաբար` այո՛: Որեւէ տեսակի նախաձեռնութիւն, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ, անկասկած թերի կէտեր կ՛ունենայ: Նոյնն է պարագան կիներու վազքի այս մրցումին: Տարուէ տարի բոլոր սխալներն ու թերութիւնները անպայմա՛ն որ կը սրբագրուին:
Վաքի այս մրցումին գլխաւոր եւ առաջնահերթ նպատակն է պաշտպանել կիներու իրաւունքները: Ատկէ մեկնելով ուզեցինք, որ անոր մասնակցին իգական սեռի անդամները:
«Ա.».- Ինչ կը վերաբերի անոր ձեր տուած անունին, ի՞նչ ձեւով ընտրեցիք զայն:
Մ. Խ.- Անոր անունը որոշեցինք կոչել «Վազէ՛ առաջ, բա՛ւ է ետդարձ կատարել»:
Բոլորն ալ առաջնահերթ նպատակ պէտք է ունենան միայն ու միայն նայիլ առջեւ: Բնականաբար վազող մը դէպի ետեւ չի նայիր: Սակայն մեր ըսել ուզածը այն է, որ պէտք է վազել նպատակակէտ մը ունենալով, մոռնալ կատարուածը, այսինքն` եղածին մասին չմտածել եւ անոր ետեւէն չերթալ, այլ միշտ փնտռել նոր հորիզոն մը, որ ըլլայ պայծառ եւ լուսաւոր:
«Ա.».- Կ՛ակնկալէ՞ք, որ բաղդատմամբ նախորդ տարուան, մասնակցողներուն թիւը ըլլայ աւելի:
Մ. Խ.- Ասոր մէջ ո՛չ մէկ կասկած ունինք: Այս գծով մեր տուած մամլոյ ասուլիս ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ մը առաջ, նշմարեցինք, որ արդէն իսկ այդտեղ ներկայ գտնուողները պատրաստակամութիւն յայտնեցին անոր մասնակցելու: Վստահ եմ, որ մասնակցողներուն թիւը, բաղդատած նախորդ տարուան, եթէ ոչ կրկնապատիկը, պիտի ըլլայ մէկուկէս անգամը:
«Ա.».- Նիւթական պարգեւներ սահմանուա՞ծ են առաջին երեք դիրքերը գրաւողներուն:
Մ. Խ.- Ոչ միայն առաջին երեք դիրքերը գրաւողները, այլ նաեւ առաջին հինգ դիրքերը գրաւողները պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ հետեւեալ ձեւով. 100, 700, 500, 300 եւ 200 ամերիկեան տոլար:
Բայց կու գամ շեշտելու, որ ասիկա կը վերաբերի միայն 10 քմ վազքի գլխաւոր մրցումին եւ ոչ թէ մնացեալներուն:
Ատկէ բացի, իւրաքանչիւր վազող, որ ժամանման գիծ կը հասնի, նաեւ պիտի ստանայ յիշատակի մետալ մը:
Կ՛ուզեմ նշել նաեւ, որ այն լիբանանցի վազողը, որ գլխաւոր մրցումին կը յաջողի կոտրել 22 հոկտեմբեր 2011-ին Նիւ Եորքի մարաթոնին լիբանանցի Մարիա Փիա Նաամէի հաստատած մրցանիշը (37′ 14″), պիտի ստանայ հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը:
«Ա.».- Արձանագրութեան համար որոշ կէտեր կամ կեդրոններ կը գտնուի՞ն:
Մ. Խ.- Արձանագրութեան համար նկատի առնուած թուականին առաջին օրն է ուրբաթ, 28 մարտը, «Վըրճըն-մեկասթոր»-ի բոլոր մասնաճիւղերուն մօտ, «Ա. Պէ. Սէ. Էշրեֆիէ» եւ անշուշտ` Պէյրութի մարաթոնի միութեան կեդրոնատեղին` Հազմիէ: Կարելի է հեռաձայնել հետեւեալ թիւին` 05-959262 եւ կամ ե-նամակ ուղարկել հետեւեալ հասցէին. [email protected]:
«Ա.».- Այլ ըսելիք ունի՞ք մեր ընթերցողներուն:
Մ. Խ.- Յատուկ եւ խորին շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ին, որ մի՛շտ մեր բոլոր գործունէութիւններուն կ՛անդրադառնայ եւ մեր ձայնը լսելի կը դարձնէ հայ հասարակութեան մօտ: Կը մաղթեմ, որ վազքի այս մրցումին ներկայ ըլլան նաեւ հայ վազողներ: Շնորհակալութիւն:

