Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի հովիտներուն մէջ ձերբակալեց 10 սուրիացիներ, որոնք ապօրինի կերպով կը փորձէին մուտք գործել Լիբանան:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ բանակը պէտք է ներկայութիւն դառնայ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հընէյն յայտնեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահի անձին շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնը նախագահութեան պաշտօնը կ՛իմաստազրկէ, որովհետեւ անիկա կը ջնջէ մրցակցութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կազմած յանձնախումբը պիտի այցելէ Մեհրապ, իսկ երկուշաբթի, 31 մարտին` Պքերքէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն լաւագոյն ընտրանքը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան որդեգրումն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովութեան ուժերը թիրախ դարձնելու նախաձեռնութիւնը վտանգաւոր բնոյթ ստացած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Թրիփոլիի ապահովական ծրագիրը կարեւոր է, սակայն անոր գործադրութիւնը կը կազմէ այդ ծրագիրին հիմքը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ընդգծեց, որ իրենք փորձած են պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորել այնպիսի աղբիւրներէ, որոնք տնտեսութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն չեն ունենար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մուսա հերքեց խորհրդարանին մէջ կարգ մը օրէնքներ վաւերացնելու առումով քաղաքական արգելքներու գոյութիւնը:

ԱՆՁՆԱԿԱՆ դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ սպառնաց մագլցողական քայլերու վերադառնալ, եթէ մէկ շաբաթէն կարելի չըլլայ աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Տար Ֆաթուայի թնճուկը կ՛ուղղուի դէպի լուծում` Սէուտական Արաբիոյ օրհնութեամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով սէուտական որոշումները ահաբեկչութիւնը հովանաւորող կողմերուն ուղղակի պատգամներ են:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը «Նահար» օրաթերթին հաստատեցին, որ իրենք Ազգային երկխօսութեան նիստին պիտի մասնակցին Ազգային ազատ հոսանքին ընկերակցութեամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն այս հանգրուանին նախագահական ընտրութեան յարմար թեկնածու մը չէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն հաւանական է, որ Պքերքէի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ լարուածութիւն ստեղծուի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով ապահովական բոլոր կառոյցներուն ուժերը մէկ մարմին կը նկատուին: Ան նշեց նաեւ, որ ապահովական ծրագիրը պիտի գործադրուի բոլոր յանցագործներուն հաշուոյն, ինչ ալ ըլլան անոնց շրջաններն ու համայնքները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ, հանդիպելէ ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ, յայտնեց, որ ահաբեկչական ցանցերուն հետապնդումը այս հանգրուանին առաջնահերթութիւն կը նկատուի:

ՍԱՅՏԱՅԻ Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կողմնակալութեամբ ամբաստանողը սուտասան մըն է, որ ինքզինք եւ իր հետեւորդները կը խաբէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )