Զաայթեր Կ՛այցելէ Պէյրութի Միջազգային Օդակայան

Զաայթեր կը շրջի օդակայանին մէջ

Զաայթեր կը շրջի օդակայանին մէջ

Նկատի ունենալով «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանը ստորերկրեայ արգելարաններ ունի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ այցելեց օդակայան, ուր ընկերակցութեամբ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն շրջեցաւ օդակայանի տարբեր բաժիններուն մէջ` կտրականապէս հերքելով այդ ապատեղեկատուութիւնը:

Զաայթեր հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը անհատներ չարչարելու ստորերկրեայ արգելարաններ չունի եւ պիտի չունենայ` աւելցնելով, որ այս մասին լիբանանեան պետութիւնը իր խօսքը պիտի ըսէ դատական իշխանութիւններուն մօտ:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք նշեց, որ Պէյրութի օդակայանին տակ գտնուող բանտերուն մասին լուրերը անճիշդ են` հերքելով այն լուրերը, թէ նման բանտի մը մէջ սէուտցի կին մը տանջանքի ենթարկուած է:

Share this Article
CATEGORIES