Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստը

Նիստէն պահ մը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբերու միացեալ նիստին, որ հինգ ժամ տեւողութեամբ քննարկեց պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելման կարելիութիւնները` ներկայութեամբ կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Նիստին աւարտին աշխատավարձի յաւելման թղթածրարը խորհրդարանի լիագումար նիստ չփոխանցուեցաւ:
Նիստէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր յաւելում չստացած պաշտօնեաներուն արդար իրաւունքն է ստանալ յաւելումները:
Իր կարգին, Պու Սաապ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն քննարկումը առկախելը լաւ նշան մը չէ:
Միւս կողմէ, Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբերու միացեալ նիստին ընթացքին տիրած է դրական մթնոլորտ, սակայն կարելի չէ աշխատավարձի յաւելումներուն նման հսկայ թղթածրար մը մէկ օրուան ընթացքին քննարկել. ան աւելցուց, որ միացեալ նիստը պիտի շարունակուի երկուշաբթի օր:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ պահանջած էր պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումի թղթածրարը առկախել` աւելցնելով, որ ինք այդ պահանջը իր անունով կը ներկայացնէ եւ ոչ Մուսթաքպալ հոսանքին:
Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ, անդրադառնալով պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումը խորհրդարանի լիագումար նիստին չներկայացնելու հաւանականութեան, յայտնեց, որ իրենք կ՛ուղղուին դէպի մագլցողական քայլերու որդեգրում:

