Նազարեան Հնդկաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Հեռանկարները

Հնդկաստանի դեսպանը եւ նախարար Նազարեան
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանը, որուն կ՛ընկերակցէր Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղարը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի կողմէ Հնդկաստանի փորձառութիւններէն օգտուելու անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

