Սալամ Մամլոյ Սենտիքային Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Ծրագիրները

Մամլոյ սենտիքայի պատուիրակութեան հետ

Մամլոյ սենտիքայի պատուիրակութեան հետ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումէն ետք Պաալպեքի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ դիմադրել Լիբանանի դէմ ծառացող վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ անիկա յոյսով է, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը անկեղծօրէն զօրակցին իր աշխատանքին` իրագործել կարենալու համար լիբանանցի ժողովուրդին ձգտումները:

Պաալպեքի յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը շնորհաւորած է վարչապետը` կառավարութեան ստացած վստահութեան քուէին համար, եւ լիբանանցի լրագրողներուն անունով անոր բարեմաղթութիւններ փոխանցած:

Ըստ Պաալպեքիի, վարչապետ Սալամ մաղթած է, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կատարուի սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ վարչապետը յոյսով է, որ յառաջիկայ օրերուն Թրիփոլիի մէջ կարելի պիտի ըլլայ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )