Քոնկրեսականներ Շիֆ Եւ Շըրմըն Կը Դատապարտեն Քեսապի Դէմ Կատարուած Յարձակումները

Պրետ Շըրմըն
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Պրետ Շըրմըն 27 մարտին դատապարտած են Սուրիոյ հայաշատ Քեսապ քաղաքին դէմ Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութեան մաս կազմող ծայրայեղական իսլամականներուն կատարած յարձակումները:
«Յարձակումները, որոնք, ըստ հաղորդուած տեղեկատուութեան, սկսած են Թուրքիայէն, ցոյց կու տան, որ Սուրիոյ մէջ անկայուն վիճակը ի՛նչ մակարդակի հասած է: Ես կապուած եմ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ, որոնք վստահեցուցին, որ կը խոհրդակցին հայ, սուրիացի եւ թուրք պաշտօնատարներու հետ` վերջին իրադարձութիւններուն մանրամասնութիւնները յստակացնելու եւ նման բռնարարքներու կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար», ըսած է Շիֆ` աւելցնելով, որ տարբեր ուղղութիւններով աշխատանքներ կը կատարուին Սուրիոյ քրիստոնեաներուն մարդասիրական օգնութիւն ապահովելու նպատակով:
Ներկայացուցիչներու տան անդամ Պրետ Շըրմըն իր կարգին նշած է. «Զիս խորապէս կը մտահոգէ Սուրիոյ Քեսապ աւանին մէջ ստեղծուած զարհուրելի իրավիճակը: Ծայրայեղական ուժերը կտրած են Թուրքիոյ սահմանը եւ անցած Քեսապ` շրջան մը, որ գլխաւորապէս բնակուած է հայերով: Հարիւրաւոր ընտանիքներ ստիպուած եղած են լքելու իրենց տուները` վախնալով իրենց ապահովութեան վրայ: Ես կապուած եմ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ եւ կոչ ուղղած` ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումներուն` օգնելու Սուրիոյ հայութեան: Թուրքիա պէտք է անյապաղ քայլերու ձեռնարկէ հայ քաղաքացիներուն դէմ ծայրայեղականներու յարձակումներուն կանխարգիլման օգնելու համար»:

