Սահմանադրական Դատարանը Սկսաւ Քննել Պարտադիր Կուտակային Համակարգի Վիճայարոյց Կէտերուն Սահմանադրականութիւնը

Ardzvig3.-2803Սահմանադրական դատարանին մէջ երէկ սկիզբ առաւ «Կուտակային կենսաթոշակներուն մասին» օրէնքի շարք մը կէտերուն սահմանադրականութեան հարցին քննութիւնը:

Դիմումը դատարան ներկայացուցած էին 4 ոչ իշխանական ուժեր ու «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները: Անոնց հիմնական պահանջն էր` պարտադիր կուտակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչը հակասահմանադրական ճանչնալը:

Դիմողներն էին` իրաւապաշտպան Արտակ Զէյնալեան, ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան եւ «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան իրաւաբան Մերի Խաչատրեան:

Նիստին ներկայ էին նաեւ Ազգային ժողովի շարք մը պատգամաւորներ` ՀՅԴ-էն Աղուան Վարդանեան, Արմէն Ռուստամեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւորներ Նայիրա Զոհրապեան, Վահան Բաբայեան, Միքայէլ Մելքումեան, Էլինար Վարդանեան, Վահէ Էնֆիաճեան, Հայ ազգային քոնկրեսի պատգամաւոր Լեւոն Զուրաբեան, ինչպէս նաեւ Ժառանգութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան:

Ներկայ էին նաեւ «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան բազմաթիւ անդամներ:

Արծուիկ Մինասեան նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի ներդրումը լրացուցիչ բեռ կը դառնայ Հայաստանի պիւտճէին համար, քանի որ պետական պիւտճէէն կը վճարուի մինչեւ 25000 դրամ այն քաղաքացիներուն համար, որոնց վրայ կը տարածուի «Կուտակային կենսաթոշակներուն մասին» օրէնքի 5-րդ եւ 7-րդ կէտերը:

Մինասեան ընդգծեց, որ տարբեր երկիրներ հրաժարած են այս համակարգէն, ուրիշներ` չեղեալ նկատած են ատիկա քանի մը տարի առաջ:

Ըստ անոր, դիմումով արծարծուած հարցերը ունին սկզբունքային սահմանադրական նշանակութիւն եւ դիմումի ներկայացում նպատակ կը հետապնդէ բացառել սահմանադրութեան պահանջներուն խախտումներով օրէնսդրութեան կիրառումը եւ ստեղծել յստակ իրաւական հիմքեր` համերաշխ հասարակութեան մէջ իւրաքանչիւրին համար բաւարար կենսամակարդակ ապահովելով պետութեան պարտաւորութեան իրականացման գործին մէջ:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, այս համակարգին ներդրումը երկիրը պիտի հասցնէ տնտեսական դժուարութիւններու եւ ընկերային անարդարութեան  լուրջ խնդիրներու դիմաց: Մինասեան նշեց, որ անոր իբրեւ հետեւանք պիտի նուազի անձի մը եկամուտը, հետեւաբար` անձի մը կենսապայմանները բաւարարելու կարելիութիւնները:

Տարբեր գիտական ուսումնասիրութիւններէ յղումներ կատարելով Մինասեան յայտնեց, որ այս համակարգին ներդրումը կրնայ պատճառ հանդիսանալ երկրին մէջ ներդրումներու նուազման, համախառն ներքին արդիւքի աճի նուազման եւ պիտի բարձրանայ աղքատութեան մակարդակը:

«Դէմ Եմ»-ը Արդար Քննութիւն Կը Պահանջէ

0B1CE086Երէկ, սպիտակ եւ թափանցիկ ժապաւէններով փակելով աչքերը` «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները, լուռ եւ խորհրդանշական ցոյց կազմակերպած էին Սահմանադրական դատարանին դիմաց, ուր սկիզբ առած էր Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերու ներկայացուցած դիմումը ընդդէմ կուտակային կենսաթոշակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչին:

Խորհրդանշելով արդարադատութեան աստուածուհին` համակարգին դէմ պայքարող քաղաքացիները այդպիսով արդար քննութիւն պահանջեցին բարձր դատարանէն:

«Դէմ եմ»-ի անդամ Դաւիթ Մանուկեան «Ազատութիւն» կայանին յայտնեց, որ փակ աչքերով զգօնութիւնը չի կորսուիր:

«Չենք խանգարեր Սահմանադրական դատարանին բնականոն աշխատանքը, բայց մենք շատ զգօն ենք, պիտի հետեւինք ամէն քայլի, իւրաքանչիւր իրադարձութեան եւ համապատասխան արձագանգը պիտի տանք: Մեր աչքերը կապուած էին, բայց բաց էին», ըսաւ Մանուկեան:

Սահմանադրական դատարանի որոշումէն կախեալ է պայքարի հետագայ ուղին, կ՛ըսէին «Դէմ եմ»-ի անդամները` աւելցնելով, որ այլապէս խնդիրի լուծումը պիտի երկարի եւ պիտի յանգեցնէ հանրային ընդվզումներու:

Մանուկեան ընդգծեց, որ Սահմանադրական դատարանը լաւ գիտէ, որ իր իւրաքանչիւր քայլը որոշակի գործողութեան ծնունդ պիտի տայ, եւ եթէ այդ քայլերը արդարադատութեան միտուած ըլլան, բնականաբար հակադարձութիւնը համապատասխան պիտի ըլլայ:

15 վայրկեան փակ աչքերով եւ բերանով Սահմանադրական դատարանին առջեւ կանգնած ցոյցի մասնակիցները իրենց ձեռքին մէջ բռնած էին թուղթեր, որոնց վրայ գրուած էին սահմանադրութեան այն յօդուածները, որոնք այսօր կ՛ոտնահարուին:

Սահմանադրական դատարանին դիմաց բողոքի ցոյցը որեւէ անյարմարութիւն չստեղծեց ներսը ընթացող դատավարութեան մասնակիցներուն համար, ընդմիջման ժամանակ ցոյցի մասնակիցներուն միանալով յայտնեց Արտակ Զէյնալեան, որ կը ներկայացնէ օրէնքին ընդդիմացողներուն շահերը:

«Հասարակութիւնը օժտուած է սահմանադրական իրաւունքով` այդպիսի ցոյցեր իրականացնելու նաեւ դատական իշխանութեան մատոյցներուն մէջ», ըսաւ Զէյնալեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES