ՍԵՆ ԺՈԶԵՖ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂ. ՔԱՐԵՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ` ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՇԱՐՔԻՆ
Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մարզական բաժանմունքը, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Սոտեքոյի մէջ, պարգեւատրեց 2010-2011 տարեշրջանի իր լաւագոյն մարզիկները, որոնք իրենց աշխուժ դերակատարութիւնը ունեցած էին համալսարանին ձեռք ձգած յաջողութիւններուն եւ տպաւորիչ արդիւնքներուն մէջ:
Այդ պարգեւատրեալներուն (ընդամէնը 25 ուսանողներ) շարքին էր նաեւ Քարեն Գալուստեան, որ մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբին:
Իր խօսքին մէջ, համալսարանի մարզական բաժանմունքի տնօրէն Ֆուատ Մարուն` շնորհաւորելէ ետք բոլորը, յառաջիկայ տարեշրջանին ուսանողութեան մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:
CATEGORIES Մարզական