ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՍՐՏԱՅԻՆ ԱՆԲԱՒԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան կը ներկայացնէ իր դասախօսութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան, երէկ` հինգշաբթի, 30 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեան գերճնշումէն սրտային անբաւարարութիւն» նիւթով դասախօսութիւնը` անգլերէնով: Օրուան բանախօսն էր սրտաբան տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան:

Դասախօսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց միութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս բժիշկը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր նիւթը:

Տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան «փաուըր փոյնթ»ով ներկայացուցած իր նիւթը բաժնեց 4 մասերու: Ան նշեց, որ սրտային անբաւարարութիւնը մահացու հիւանդութիւն մըն է, որուն հիմնական պատճառներէն է արեան գերճնշումը, մանաւանդ երբ վերջինս կը պատահի տարեց մարդոց մօտ:

Դասախօսութեան երկրորդ բաժինով բժիշկը անդրադարձաւ ազոթի եւ թթուածինի միացումով ստեղծուած «Նոթրիք օքսայտ»ին եւ անոր ունեցած բազմաթիւ յատկութիւններուն, ուր բջիջային մակարդակին վրայ ազդելով կը յառաջացնէ բազմաթիւ դրական փոփոխութիւններ եւ մանաւանդ պատճառ կը դառնայ, որ զարկերակները լայննան, ինչ որ իր կարգին կը պակսեցնէ արեան գերճնշումը:

3-րդ մասով տոքթ. Սիմոնեան խօսեցաւ «Նոպիվոլոլ» դեղամիջոցի մասին, որ իր յատուկ ազդեցութեամբ խթան կը հանդիսանայ «Նոթրիք օքսայտ»ի յառաջացման եւ անոր դրական ազդեցութեան` արեան գերճնշումին վրայ: Ան նաեւ խօսեցաւ տարբեր դեղամիջոցներու հետ անոր ունեցած որոշ համեմատութիւններուն մասին, որոնք նոյնպէս կ՛ազդեն արեան գերճնշումը պակսեցնելու աշխատանքին վրայ:

4-րդ բաժինով ան անդրադարձաւ «Նոպիվոլոլ»ի օգտագործման` տարեց մարդոց մօտ սրտային ծանր անբաւարարութիւններու ժամանակ, նաեւ նշեց որոշ ուսումնասիրութիւններ, որոնք կատարուած են այս ասպարէզին մէջ:

Տոքթ. Սիմոնեան նաեւ խօսեցաւ տարբեր տուեալներու մասին, որոնք ազդեցութիւն ունեցած են բուժման յաջողութեան վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES