«ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` հինգշաբթի, 30 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի 2010-2011 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, երաժշտագէտներու, ծնողներու, արուեստասէրներու եւ աշակերտներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ, որ նշեց, թէ քոլեճի աշակերտութեան թիւը հասած է շուրջ 400-ի, իսկ ուսուցիչներունը` 47-ի: Ան ըսաւ, որ քոլեճի բոլոր խումբերը անցնող կրթական տարեշրջանին յաջողութեամբ ելոյթներ ունեցած են զանազան բեմերու վրայ` արժանանալով հայ թէ օտար մասնագէտներու եւ երաժշտասէրներու բարձր գնահատանքին:

Անդրադառնալէ ետք Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին եւ Հալէպի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին հետ գործակցութիւններուն` Քեչեկ յայտնեց, որ քոլեճը էապէս արժանի է կրելու հայ մեծ երաժշտահանին անունը: Արմէն Քեչեկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են քոլեճի գործունէութեան:

Ապա տեղի ունեցաւ քոլեճի ջութակի եւ կիթառի ներքին մրցոյթի մրցանակակիր աշակերտներու գնահատագիրներու տուչութիւնը, որուն յաջորդեցին շրջանաւարտներուն անհատական կատարումները:

2010-2011 տարեշրջանի վկայականներու տուչութեան արարողութեան ընթացքին վկայականներ յանձնուեցան երաժշտական դպրոցը ամբողջացուցած Նաթալի Մարկոսեանին, Արեւիկ Սարգիսեանին, Մեղրի Մեսրոպեանին եւ Ռեմոն Ուեհպէին, ինչպէս նաեւ երաժշտական քոլեճը աւարտած Հերա Աճեմեանին, Վիթալի Աունին եւ Խաժակ Խաչատուրեանին:

Գեղարուեստական յայտագիրին երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ քոլեճի սենեկային նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Կարօ Աւեսեանին: Նուագախումբի բարձրորակ կատարումը արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին:

Վկայականաց բաշխման հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ մեծապէս գնահատեց քոլեճին գործունէութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ այս երիտասարդ սերունդը վստահելի է, քանի որ տէրն է իր մշակութային ժառանգութեան: Գեղամ արք. Խաչերեան յոյս յայտնեց, որ շրջանաւարտները յառաջիկային կ՛արժանանան աւելի մեծ վկայականներու:

 

Share this Article
CATEGORIES