Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Օգնեցէք տկար եւ շուարած անձերու, որպէսզի կարենան գտնել իրենց հանդարտութիւնը: Օրուան բարիքը պիտի ազդէ ձեր հոգեկան խաղաղութեան:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աչքէ անցուցէք ձեր տնտեսական վիճակը, նայեցէք աւելի հեռուն, մտածեցէք ապագային մասին եւ ոչ` այսօրուան ձեր ընելիքին միայն: Խոհեմ եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուշադրութի՛ւն. անձ մը պիտի չյարգէ ձեր միջեւ կատարուած համաձայնութիւնը` կարեւոր թուղթի մը ստորագրութեան պարագային:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շաբաթասկիզբը թող ըլլայ հանդարտ, բայց նաեւ  կատարեցէք աշխատանք մը, զոր պատուիրած են ձեզի: Գոհ պիտի մնաք այս ձեւով:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նուէր մը ընծայելու մտադիր էք անձի մը. գիտցէք, որ նոյնիսկ փոքր, նոյնիսկ անարժէք նուէր մը կրնայ ուրախութիւն պարգեւել ստացողին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ժառանգութեան հարց մը կրնայ վէճ մը ստեղծել կողմերու միջեւ: Ուշադիր եղէք, ձեր դիրքը յստակացուցէք առանց զիջումի: Իմաստուն պէտք է ըլլալ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հանդիպեցէք ձեր ընտանիքին, քոյրերուն, եղբայրներուն, որոնք շատ պատմելիք պիտի ունենան: Մեկուսացած մի՛ մնաք, սիրալիր եղէք իրարու հետ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ամսաթոշակը կրնայ յաւելում մը ունենալ, եթէ ուշանայ, յիշեցուցէք ենթականերուն: Օրը ունի արդիւնաւէտ պահեր: Մնացէք լաւատես եւ զուարթ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Վստահութիւն ունեցէք ձեր անձին վրայ, ասիկա սկիզբ մը կրնայ ըլլալ դէպի յաջողութիւն ընթանալու: Այսուհանդերձ, մնացէք խոնարհ, սիրալիր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Չէք սիրեր միօրինակութիւնը առօրեային մէջ: Այս վիճակէն դուրս ելլելու համար կրնաք հետաքրքրուիլ դուրսի նորութիւններով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կրնաք պտոյտի մը հրաւէր ստանալ. պատասխանեցէք դրական տրամադրութեամբ: Միացէք ձեր ընկերներուն, որպէսզի շփման մէջ ըլլաք անոնց հետ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ներկայիս ձեր ասպարէզին վերաբերեալ հեռանկարանային ակնկալութիւններ մի՛ ունենաք: Գոհացէք ներկայի ձեր ունեցածով, հետագային հարցը կը լուծուի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )