50 Տարի Առաջ (31 Մարտ 1964)

Զատկի Տօնը Լիբանանի Մէջ

Աւագ շաբթուան սրբազան արարողութիւններէն ետք, որոնց ջերմեռանդ երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ Լիբանանի հաւատացեալ ժողովուրդը, շաբաթ, 28 մարտ 1964, յետմիջօրէի ճրագալոյցի Ս. պատարագէն ետք, Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան Ս. Զատկի տօնը, անխզելի կապերով եւ հետզհետէ եկեղեցիին աւելի սիրով կապուած աւանդապահ հայ ժողովուրդին կողմէ դիմաւորուեցաւ տիրապետող խանդավառ եռուզեռի մէջ:

Շատեր, ընտանեկան յարկերէն ներս, մինչեւ ուշ գիշեր, մինչեւ արշալոյս տօնեցին Ս. Յարութիւնը:

Դպրաց երգեցիկ խումբեր, թաղէ թաղ, տունէ տուն շրջապտոյտ կատարելով` աւանդութիւն դարձած տպաւորիչ ու անուշ երգեցողութեամբ Ս. Յարութեան շարականներ երգեցին: «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»:

Մթնշաղէն առաջ եկեղեցիներու զանգակները սկսան ղօղանջել եւ տօնական օրերու զգեստաւորումով շքեղացած, մեծն ու պզտիկը, բոլորը եկեղեցի փութացին:

Նախընթացը չունեցող խուռներամ հաւատացեալներով լեցուեցան եկեղեցիները իրենց բակերով:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապ կիրակի 29 մարտին, ներկայ գտնուեցաւ Պուրճի Մարոնի համայնքի Ս. Գէորգ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. պատարագին:

Նախագահը իր անցքի ամբողջ ընթացքին ժողովրդային խանդավառ ընդունելութեան եւ զինուորական պատիւներոնւ արժանացաւ:

Ճամբաները դրօշազարդուած եւ նկարազարդուած էին լիբանանեան դրօշակներով եւ նախագահին նկարներով: Բազմաթիւ յաղթական կամարներ կանգնեցուած էին:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պատարագեց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց Խորէն Ա. կաթողիկոս:

Հանդիսաւոր Ս. պատարագը երգուեցաւ քառաձայն, Եկմալեան եղանակով «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:

Յաւարտ Ս. պատարագի, վեհը թափօրով առաջնորդուեցաւ վեհարան, ուր օրհնութեան արարողութիւններէն ետք, երգչախումբը խմբերգեց «Կիլիկիա» երգը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:

Ս. պատարագը սքանչելիօրէն երգուեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ քառաձայն, Եկմալեան եղանակով, ղեկավարութեամբ Վարդան Սարայտարեանի:

Յաւարտ Ս. պատարագի, սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ առաջնորդարան, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

Միւս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ աւուր պատշաճի քարոզներ խօսուեցան:

Գոհացուցիչ ու ուրախալի տպաւորութիւն մը թողուց թէ՛ ճրագալոյցի եւ թէ՛ կիրակի Ս. պատարագէն ետք, ժամեր տեւող կանոնաւոր կարգապահութեամբ եւ խոր հաւատքով Ս. հաղորդութիւն ստացող բազմահազար հաւատացեալներու, մեծ մասամբ երկսեռ երիտասարդներու անհամար թիւը:

Հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքներու եկեղեցիները նմանապէս լեցուն էին հաւատացեալներով:

Երկուշաբթի, 30 մարտ, յիշատակ մեռելոց: Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

Դարձեալ լեցուն էին Ֆըրն Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուները:

Ամէն ոք, սրտահար կսկիծով եւ արցունքը աչքերուն, յարգեց յիշատակը իր հեռու եւ մօտ ննջեցեալին:

Գերեզմանօրհնէքը տեղի ունեցաւ անդաստանի նմանողութեամբ եւ մասնակցութեամբ բոլոր քահանայ հայրերուն:

Անտրէ Թապուրեան 5000 Լ. Ո. Կը Յատկացնէ
Թիրօ–Սանճագի Հրդեհէն Աղէտահարներուն

Հիւսիսային Մեթնի ՀՅ դաշնակցութեան թեկնածու Անտրէ Թապուրեան, Պուրճ Համուտ կատարած այցելութեան մը ընթացքին, տեղեկանալէ ետք Թիրօ-Սանճագի մէջ վերջերս պատահած հրդեհին զոհ գացած հայրենակիցներու սրտաճմլիկ վիճակին, վեհանձնօրէն 5000 լ. ոսկիի գումար մը յատկացուց աղէտահար հինգ հայ ընտանիքներուն:

Մեր երիտասարդ թեկնածուին այս ազնիւ ժեսթը խորապէս գնահատուեցաւ շրջանի հայութեան կողմէ:

ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Զատիկի Մրցաշարքը

Շաբաթ 28, կիրակի 29 եւ երկուշաբթի 30 մարտ 1964, երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք, ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած պասքեթպոլի Զատիկի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ մեծ հետաքրքրականութեամբ:

Երկուշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցան աւարտական մրցումները` նախագահութեամբ Մեթնի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երեսփոխանական թեկնածու Անտրէ Թապուրեանի:

Ներկայ էին նաեւ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանի ՀՅԴ երեսփոխանական թեկնածուներ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան եւ Սուրէն Խանամիրեան, որոնց մուտքը դաշտէն ներս արժանացաւ երկարատեւ ծափերու:

Պուրճ Համուտի սկաուտական նուագախումբը զինուորական նուագներ հնչեցուց հիւրերու ժամանումին:

Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նախագահ Ապտել Վահապ Ռիֆայի, 11-րդ ճամբարի լիբանանեան խումբերուն մէջ իբրեւ լաւագոյնը հանդիսացող ՀՄԸՄ-ի գլխաւորած «Պաալպեք» խումբին, առ ի գնահատութիւն, յանձնեց ֆետերասիոնի տրամադրած բաժակը:

Աւարտական խաղերուն յաղթական հանդիսացան երկրորդական խումբերէն ՀՄԸՄ-Շանթ աղջիկներ եւ «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութիւն: Առաջին դասակարգի մէջ ՀՄԸՄ-ի աղջիկները չարաչար պարտութեան մատնեցին Թաատոթը, իսկ ՀՄԸՄ-ի մանչերը լարուած եւ խիստ հետաքրքրական խաղէ մը ետք պարտուեցան Էօ.Էն.Պի.էն 41-46 արդիւնքով:

Յաղթական խումբերը ստացան բաժակներ:

 

Share this Article
CATEGORIES