Տարբեր Դիտանկիւնէ. Ո՛չ Թէ 3, Այլ` 4 Տարաչափութիւններ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԵՐԵՔ ՏԱՐԱՉԱՓՈՒԹԵԱՄԲ (3 ՏԱՅՄԵՆՇԸՆԸԼ) ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐ ԴԻՏԵԼՈՒ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԷՆ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ: ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՍՐԱՀ ՅԱՃԱԽՈՂՆԵՐ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆ ՄԸ ԴԻՏԵԼՈՒ ՊԱՀՈՒՆ ԱՋ ՈՒ ՁԱԽ ՆԵՏՈՒԵԼՈՒ, ԻՐԵՆՑ ԴԷՄՔԻՆ ՍՐՍԿՈՒԱԾ ԽՈՆԱՒՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՆԱԼՈՒ ԵՒ ԱՅԼ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՊՐԵԼՈՒ: «ՏԸ ՎԸՐՃ» ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԹԷԵՒ ԿԸ ԲԱՐԵԼԱՒԷ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐԱԿԸ, ՍԱԿԱՅՆ ԿԸ ՇԵՂԷ ԱԿՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ:
Հարաւքորէական «Սի. Ճէյ. կրուփ» ընկերութիւնը զարգացուցած է 4 տարաչափութիւններով ժապաւէնի ցուցադրութեան արհեստագիտութիւն մը, որ 3 տարաչափութեամբ ժապաւէններու ցուցադրութեան ընթացքին սրահին մէջ կը ստեղծէ հով, լոյս, մշուշ, ջուր, բոյրեր եւ նման յատուկ ազդեցութիւններ: Միացեալ Նահանգներու մէջ շարժապատկերի սիրահարներ առաջին անգամ ըլլալով նման փորձառութիւն մը պիտի ապրին այս ամառ, Լոս Անճելըսի մէջ:
Արհեստագիտական այս նոր դրութիւնը պիտի հաստատուի Ռիկըլ սինեմազ Էլ. Էյ. լայվ սթատիում 14-ի մէջ, որ կը գտնուի Լոս Անճելըսի կեդրոնը: Անիկա արդէն հաստատուած է այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Թայուան, Պուլկարիա, Քոլոմպիա եւ Հարաւային Քորէա: Իւրաքանչիւր սրահի մէջ զայն զետեղելը կ՛արժէ 1.5-2 միլիոն տոլար: Սակայն «Տը Վըրճ»-ի լրագրող Սամ Պայֆորտ, որ Ճափոնի մէկ սրահին մէջ «Այրըն մեն 3» ժապաւէնը դիտած է 4 տարաչափութիւններով, կ՛ըսէ, թէ շատ անհանգիստ զգացած է ժապաւէնին ցուցադրութեան ընթացքին: Անոր կեդրոնացումը յաճախ շեղած է:
Երբ 4 տարաչափութեամբ ժապաւէնի ցուցադրութիւն տեղի կ՛ունենայ, անոր նիւթին համապատասխան ջուր կը սրսկուի ակնդիրներուն վրայ, յանկարծ սրահը մշուշով կը պատուի եւ աթոռներուն մէջ զետեղուած շարժակներ ակնդիրները ոլորապտոյտ կը դարձնեն իրենց նստած տեղը կամ կը հրեն աջ ու ձախ: Այս բոլորը կը շեղեն ուշադրութիւնը, որովհետեւ մինչ գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ պաստառին վրայ, անդին` անոնք տեւաբար կը խթանուին ամէն կողմէ: Ցարդ յայտնի չէ, թէ Լոս Անճելըսի սրահին մէջ ի՛նչ ժապաւէններ պիտի ցուցադրուին այս ձեւով: Չէ որոշուած նաեւ տոմսերուն գինը: