Տարբեր Դիտանկիւնէ. Վերակենդանացած Տառեր
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՅԱՏՈՒԿ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՃԸ ՍԿՍԱԾ Է ԹԱՓԱՆՑԵԼ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԱՇԽԱՐՀ: ԿՈՒԿԸԼԻ ՎԱՐՊԵՏ ՄԸ ՇԱՐԺՈՒՆ ՏՊԱԳԻՐ ՏԱՌԵՐ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻ ՊԱՍՏԱՌԻՆ ՀԱՄԱՐ: ԻՍԿ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ԿՐՆԱՅ ԾԱՌԱՅԵԼ ԱՅՍ ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԱՐԴԷՆ ԱՇԽՈՒԺ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ: «ՈՒԱՅՐՏ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ «ԲՆԻԿ ԹՈՒԱՅԻՆ» ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ:
Համացանցը լեցուն է շարժումով: Պատկերներ անընդհատ իրենք զիրենք կը կրկնեն կենդանացող ՃԻՖ-երով (կրաֆիքս ինթըրչէյնճ ֆորմաթ): Ծանուցումներ կը ցատկեն աջ ու ձախ: Նոյնիսկ կայքերը կը սահին եւ տեղ մը կը նստին, մինչ համակարգիչին մուկը կը պտտցնենք պաստառին վրայ: Այս բոլորը կը պարտինք տեսողական խաղերով ստեղծուած ձեւագծումներու, ուր իր մը կարելի է տեսնել երկու տարբեր դիտանկիւններէ, որոնք տուեալ իրին գիծին վրայ չեն գտնուիր (փարալաքս): Այսուհանդերձ, գրեթէ իւրաքանչիւր պարագայի, գրութիւնը կը մնայ անխախտ, նախապատմական արարածի մը պէս, որ սառած է գետնի սառցապատ խաւի մը մէջ:
Եոնօ Պրանտել կ՛աշխատի Սան Ֆրանսիսքոյի Կուկըլի ստեղծագործական գիտաշխատանոցին մէջ: Ան կը մտածէ, թէ կարելի է կեանքի կոչել «սառած» տառերը: Անոր հաստատած կայքը առիթ կու տայ ձեւագծողներու, որ կենդանացնեն զանոնք, պարզապէս գործածելով յատուկ ծածկագիրներ:

Տառերը կը թաւալին…
Պրանտել իր ծրագիրը կը կոչէ Անիթայփ, այսինքն` վերակենդանացած տպագիր տառեր: Համակարգիչի յատուկ ճաւա լեզուն գործածելով` ձեւագծողեր կրնան տարբեր ձեւերով շարժել տառերը: Կայքը կը տրամադրէ քանի մը տասնեակ օրինակներ, զորս ստեղծած են տարբեր ձեւագծողներ: Լատինատառ «Փի.» մը շնորհալի պար մը կը պարէ ինքն իր վրայ թաւալելով, «Պի.» մը կը պայթեցնէ վերացական զանգուած մը եւ դարձեալ կը նստի իր տեղը, «Էլ.» մը կը դողդղայ անդին:
Այս բոլորը կը պատահին համակարգիչով որեւէ բան ստեղծելու ամէնէն դիւրին միջոցով: Ծածկագիր մը կը զետեղենք պաստառին ձախին եւ շարժուն տառի օրինակ մը կը յայտնուի պաստառին աջին: «Կը ձգտինք ջնջել նեղացուցիչ հանգրուանները եւ ամէնէն արագ միջոցով ընձեռել ծածկագիրները: Հետեւաբար ամէն ինչ կառուցած ենք համակարգիչին տեղեկութիւններ քաղող ներկայացնող եւ տարածող գործիքին մէջ», կը բացատրէ Պրանտել: Տրամադրուած գործիքները պարզ են, եւ նպատակն ալ այս է: «Ստեղծագործականութիւնը հրաշալի կերպով կը յայտնուի լարուած աշխատանքի մէջ», կ՛աւելցնէ ան:

…կը պարեն…
Պրանտել երկար ժամանակէ ի վեր հետաքրքրուած է կենդանացած տառերով: Կուկըլի մէջ աշխատելէ առաջ ան Լոս Անճելըսի մէջ կը ծառայէր շարժուն ձեւագծումներու ընկերութեան մը, որ կը պատրաստէր վաւերական ժապաւէններու գրութիւնները: Սակայն այս պարագային տառերուն կեանք տալը խիստ կեդրոնացում կը պահանջէր: «Նկատեցի, թէ մինչ այնպէս կը թուէր, թէ համակարգիչի ծրագիրով ստեղծուած էին շարժուն ձեւագծումները, անդին` իրականութեան մէջ զանոնք ձեւագծած էր արհեստագէտ մը,- կ՛ըսէ ան:- Մտածեցի, թէ կարելի է մեքենական ինքնագործ միջոցներով իրականացնել այս գործընթացը»:
Անշուշտ փափաքելի չէ, որ իւրաքանչիւր գրութեան մէջ իւրաքանչիւր լուսանկար աշխուժ կերպով շարժի անընդհատ: Համացանցը շարժուն նկարներով անվերջ յարձակումներ կը գործէ մեր տեսողութեան վրայ եւ կը շեղէ մեր ուշադրութիւնը կարեւորութիւն ներկայացնող նիւթերէն: Այսուհանդերձ, տարօրինակ է, որ գրութիւնները տակաւին կը մնան անշարժ, մինչ համացանցի վրայ ամէն ինչ կը շարժի:

… եւ կը պայթին:
Վերջերս Ֆրանք Չիմերօ համացանցի շարժուն յատկանիշը որակած է իբրեւ բնորոշ յատկանիշներէն մէկը համակարգիչի պաստառին, որուն դիմաց կ՛անցընենք օրուան մեծ մասը: Ան կը վիճի, թէ գեղագիտական կամ տեսողական որեւէ ոճէ աւելի` մեր թուային (տիճիթըլ) պաստառները մասնաւորաբար կարիքը ունին հոսքի: Այս դիտանկիւնէն` շարժուն տառերը կը գոհացնեն պաստառին պահանջը:
Պրանտել իր կարգին համոզուած է, թէ համացանցը կարիքը ունի շարժուն տառերու: Վերնագիրները հաւանական կարիքը ունին շարժելու: Լաւ պիտի ըլլար, եթէ թերթերու երկար յօդուածներու պարբերութիւններուն գլխագիր առաջին մեծադիր տառերը եւս շարժէին: Երկու պարագաներուն ալ շարժումը մեծ առաւելութիւններ կ՛ընձեռէ: Երկուքն ալ առիթ կու տան, որ համացանցի պարունակութիւնը մէկ քայլ առաջ երթայ, դուրս գայ տպագրութեան վերարտադրութիւն մը ըլլալու վիճակէն եւ դառնայ «բնիկ թուային»:
«Շարժուն տառերը օժտուած են այնպիսի յատկանիշով մը, զոր կը զգանք խորապէս անձնական մակարդակի մը վրայ,- կը բացատրէ Պրանտել:- Տառերը կը սկսին նոր կեանք ստանալ, երբ կը դեգերին կամ խոյս կու տան որոշ ձեւով: Ասիկա կ՛ընձեռէ նոր արտայայտչաձեւ մը»: