Տարբեր Դիտանկիւնէ. Կաթի Եւ Մեղրի Երկիրներ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԵՐԿՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ԻՐԱԿԱՆ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՎ` ՍՏԵՂԾԱԾ ԵՆ «ՀԱՄԱԴԱՄ» ՔԱՐՏԷՍՆԵՐ, ՑՈՅՑ ՏԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԹԷ ԻՐՕՔ, ՄԵՆՔ ԱՅՆ ԵՆՔ, ԻՆՉ ՈՐ ԿԸ ՃԱՇԱԿԵՆՔ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՇԽԱՐՀԸ ՄԻԱՑՆՈՂ ՏԱՐԱՇԽԱՐՀԻԿ ԳԱՂԱՓԱՐԸ:

Հնդկաստան լեցուն է համեմներով, Իտալիա` լոլիկով, վարունգով եւ ձիթապտուղով:

Հնդկաստան լեցուն է համեմներով, Իտալիա` լոլիկով, վարունգով եւ ձիթապտուղով:

Շատ յաճախ մեր ճաշակած ուտելիքներով կը յատկանշուին մեր ճամբորդութիւնները: Խորոված աղկեր (սարտին) Քաֆալոնիոյ (Յունաստան) աստեղազարդ երկինքին տակ, քաղցրածոր նուռեր` Մարոքի մէջ, կորկոնծոլայով յղփանալու առիթներ` Միլանոյի տարածքին: Տեղական սովորական ուտելիք մը, զոր կը ճաշակենք հոն, ուր պատրաստուած է, անջնջելի կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ:

Ճամբորդելու եւ ուտելիքներ համտեսելու այս մարմաջէն ներշնչուած` բնիկ նոր զելանտացի լուսանկարիչ Հենրի Հարկրիվզ եւ ամերիկացի ձեւագծող Քայթլին Լեւըն ճամբայ ելած են` կախարդական «համադամ» քարտէսներ պատրաստելու:

«Ուտելիքներու ճամբով նոր վայրեր հետազօտելը յաճախ պատուհան մը կը բանայ դէպի տուեալ վայրին մշակութային բարդ աշխարհը», կ՛ըսէ Հարկրիվզ:

Հարկրիվզ եւ Լեւըն ուտելիքի տեսակներ ընտրած են այն վայրերէն, ուր հանրածանօթ են անոնք, եւ զանոնք տարբեր ձեւերով օգտագործելով` վերածած են մէկ մեթր լայնքով քարտէսներու:

«Այս քարտէսները հաճելի ձեւով կը ներկայացնեն աշխարհի տարածքին ուտելիքի տեսակներու մեր մօտեցումը: Անոնք ստեղծուած են մանրակրկիտ աշխատանքով եւ իրական ուտելիքներով,- կ՛ըսէ Հարկրիվզ:- Այս ծրագիրը ցոյց կու տայ ուտելիքի տիեզերական յատկանիշը` իբրեւ մարդիկը միացնող, զանոնք իրարու քով բերող եւ անոնց միջեւ խօսակցութեան առիթ ստեղծող գործօն»:

Այսպէս, Միացեալ Նահանգներ պատկերուած են եգիպտացորենով եւ անոր տարբեր տեսակներով. եգիպտացորենի հում հատիկներ, փոփ քոռն, թորթիյա չիփս եւ քոռն քէյքս կը կազմեն քարտէս մը, որ կ՛արտացոլէ երկրին տարածքին եգիպտացորենի լայնատարած գործածութիւնը: Ճափոն պատկերուած է ջրիմուռի (սիուիտ) տարբեր տեսակներով, իսկ Հարաւային Ամերիկան` կիտրոնազգիի տեսակներով: Միւս կողմէ` ափրիկեան իւրաքանչիւր երկիր ներկայացուած է պանանի տարբեր տեսակներով, Նոր Զելանտան` քիուի պտուղով, իսկ Չինաստանը` նուտըլզով:

Սակայն Հարկրիվզ եւ Լեւըն ինչպէ՞ս որոշած են, թէ ո՛ր ուտելիքը պէտք է ընտրեն իւրաքանչիւր վայրի համար:

Կրկնեփուկներու երկիրը` Բրիտանտիա եւ պանիրի երկիրը` Ֆրանսա:

Կրկնեփուկներու երկիրը` Բրիտանտիա եւ պանիրի երկիրը` Ֆրանսա:

«Պարզապէս ընտրեցինք տուեալ երկիրներուն եւ ցամաքամասերուն բնորոշ ուտելիքները: Թէեւ գիտենք, թէ լոլիկը եկած է Հարաւային Ամերիկայի Անտեան լեռնաշխարհէն, սակայն Իտալիան դարձած է լոլիկի թագաւորը: Այս քարտէսները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս ուտելիքը տարածուած է երկիրէ երկիր, կերպարանափոխուած է եւ դարձած տուեալ վայրին մշակութային ինքնութեան մէկ մասը: Կարելի՞ է կարիտոս (շրիմփ) խորովել` առանց յիշելու Աւստրալիան: Ո՞վ Ֆրանսա կ՛երթայ եւ հաց ու պանիր չ՛ուտեր: Ո՞վ Պրազիլի ազգային ոգելից ըմպելին` քայփիրինիան կը սպասարկէ առանց կիտրոնի»:

Միւս կողմէ` Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի խոհանոցային աշխարհագրական քարտէսը յարգանքի տուրք կը մատուցէ բրիտանացիներուն կրկնեփուկի (պիսքըթ), բանդակով (ճամ) խմորեղէնի, մարսողական կրկնեփուկներու (տայճեսթիւ) եւ քասթըրտի մարմաջին եւ համապատասխան ձեւով կը ներկայացնէ այս կղզիները:

Հարկրիվզ եւ Լեւըն իրարու ծանօթացած են տասը տարի առաջ եւ այնուհետեւ միասին աշխատած են` յաճախ շինելով ճաշակելի «իրեր»: Օրինակ` այՖոնի եւ Կէյմ պոյզի նման արհեստագիտական կաճեթներու պատկերով պատրաստուած ուտելիքներ, զորս կարելի է տապկել:

Կիտրոնազգիներ (Հարաւային Ամերիկա) եւ կարիտոսի աշխարհը (Աւստրալիա):

Կիտրոնազգիներ (Հարաւային Ամերիկա) եւ կարիտոսի աշխարհը (Աւստրալիա):

«Ուտելիքը բան մըն է, որուն հետ ամէն ոք կրնայ առնչուիլ, սակայն հազուադէպօրէն կը գիտակցինք այս իրողութեան, երբ կը ճաշակենք ուտելիք մը,- կ՛ըսէ Հարկրիվզ:- Կը սիրենք մարտահրաւէր ուղղել ուտելիքի նկատմամբ մարդոց ակնկալութիւններուն եւ ուտելիքը օգտագործել` պատմելու համար պատմութիւններ կամ զայն ներկայացնել նոր ու հաճելի ձեւերով»:

Հարկրիվզի եւ Լեւընի համար այս անգամ թարմ արտադրութիւններ օգտագործելը դիւրին չէր: Քարտէսներէն իւրաքանչիւրը, որ այժմ նկարուած է եւ կը վաճառուի իբրեւ գեղեցիկ արուեստի գործ, ստեղծուած է մէկ օրուան մէջ, Հարկրիվզի Պրուքլինի արուեստանոցին մէջ կամ` Լեւընի Մանհաթընի բնակարանին: Ժամանակի դէմ մրցում կ՛ենթադրէր ուտեստեղէնով երկիրներ ուրուագծելը եւ լուսանկարելը` նախքան անոնց փճանալը: Կիտրոնազգիները շուտով կը չորնային, իսկ պանանի տեսակները կը սեւնային, ինչ որ լուրջ հարց էր: Տակաւին չխօսինք այն մասին, թէ սակառ մը կարիտոսը ինչպիսի հոտ կ՛արձակէ 24 ժամուան ընթացքին:

Այսուհանդերձ, երբեմն քարտէսներուն համար օգտագործուած բաղադրութիւնները կը պահէին իրենց թարմութիւնը եւ կարելի էր զանոնք ճաշակել լուսանկարելէ ետք, ինչպէս կը պատմէ Հարկրիվզ:

Առաջին անգամ չէ, որ Հարկրիվզի ուտեստեղէնով շինուած գործերը ուշադրութեան կ՛արժանանան: Ան 2012-ին վերստեղծած էր մահապատիժի սպասողներու ճաշի վերջին խնդրանքները. ծրագիրը, որ կը կրէր «Նօ սեքընտծ» (երկրորդը չկայ) վերնագիրը, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած էր: Ան ուտելիքներ լուսանկարելու իր սէրը կը բացատրէ մարդոց ուտելիքի ընտրութիւններուն նկատմամբ իր տարիներու հետաքրքրութեան:

Ուտելիքով պատրաստուած քարտէսներուն յաջողութենէն ներշնչուած` Հարկրիվզ եւ Լեվըն այժմ ձեռնարկած են նոր ծրագիրի մը. անոնք նախաճաշի ուտելիքներ գործածելով` Ամերիկայի 50 նահանգները պիտի վերստեղծեն Ֆուտ Նեթուըրքի համար: Թերեւս մեր մանկութեան մեզի սորվեցուած են չխաղալ ուտելիքով, սակայն յայտնապէս ուտելիքով խաղալը այնքան ալ վատ բան մը չէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES