Դասախօսութիւն Պալամանտ Համալսարանին Մէջ` Արեւմտահայերէնի Պահպանումի Անհրաժեշտութեան Մասին

Arda-Jebejian-11032014Երեքշաբթի, 11 մարտ 2014-ին, Լիբանանի Պալամանտ համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը կազմակերպեց դասախօսութիւն մը,   նիւթը` «Արեւմտահայերէնի վտանգուած վիճակը արդեօք կը մտահոգէ՞ բոլոր լիբանանցիները»: Դասախօսն էր ընկերալեզուաբան` դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որուն ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացած է արեւմտահայերէնի վտանգուած կարգավիճակին եւ անոր պահպանումի անհրաժեշտութեան վրայ:

Դոկտ. Ճէպէճեան իր ելոյթը սկսաւ մատնանշելով աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող 6000 լեզուներէն 3000-ին նախատեսուած անհետացումը 21-րդ դարուն ընթացքին: Ան բացատրեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի չափանիշները լեզուի մը վտանգուած կարգավիճակ տալու նկատմամբ:

Դոկտ. Ճէպէճեան ապա ներկայացուց իր ուսումնասիրութիւնը եւ անոր բաղկացուցիչ մասերը: Ան վեր առաւ հայ հաւաքականութեան Լիբանան հաստատուելու պարագան`  իբրեւ հետեւանք Ցեղասպանութեան: Դասախօսը անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ ինչպէ՛ս հայը ինքզինք «կղզիացուց» լիբանանեան հաւաքականութեան մէջ, որովհետեւ կար հրամայականը մայրենի լեզուի պահպանումին:  «Հայը ընկերային եւ մշակութային կապերը ոչ հայերու հետ նկատեց որպէս սպառնալիք` իր մայրենի լեզուին, ինքնութեան, մշակոյթին եւ դարաւոր պատմութեան պահպանումին եւ շարունակականութեան», ըսաւ դոկտ. Ճէպէճեան:

«Հայուն համար Լիբանանը վերապրումի խորհրդանիշ է, որովհետեւ հոս հայը օժտուեցաւ լիբանանեան քաղաքացիութեամբ եւ դպրոց ու եկեղեցի շինելու իրաւունքով», ըսաւ դասախօսը:  Ըստ դոկտ. Ճէպէճեանի կատարած ուսումնասիրութեան, այս տուեալները մեծապէս օժանդակեցին հայ փոքրամասնութեան լեզուապահպանումի ճիգերուն եւ սատարեցին անոր կրթական, մշակութային եւ տնտեսական բարգաւաճումին: Հետեւաբար կարելի եղաւ ձերբազատիլ թրքերէնէն եւ քրտերէնէն ու կառչիլ մայրենիին` հայերէնին, որ պիտի երաշխաւորէր վերապրումը արմատախիլ եղած ժողովուրդի մը` օտար ափերու վրայ:

«Ահա, թէ ինչո՛ւ հայը նախ պէտք է տիրապետէր  հայերէնին, արաբերէնէն` մեծամասնութեան լեզուէն առաջ: Այս լեզուամտածողութիւնը մեծապէս սատարեց առաջին երկու սերունդներուն լեզուապահպանումի համոզմունքներուն` կառչելու եւ անտեսելու արաբ դրացիներուն եւ բարեկամներուն կատարած քննադատութիւնները իրենց լեզուական թերութիւններուն առնչութեամբ:  Եւ հոս է, որ լիբանանցին այպանեց հայը եւ քննադատեց հայուն արաբերէն չիմանալը` առանց հասկնալ փորձելու հայուն հոգեբանական, պատմական եւ լեզուաքաղաքական մտածողութիւնը», բացատրեց դոկտ. Ճէպէճեան:

Ապա ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ երրորդ եւ նոր սերունդը, երբ սկսաւ անդրադառնալ, թէ Լիբանանը մշտական տուն եւ հայրենիք կրնար դառնալ, աւելիով սկսաւ շաղուիլ տեղացիներուն հետ, տուն-դպրոց-եկեղեցի ցանցէն հեռացաւ, աւելի ատակ դարձաւ արաբերէնի, երբեմն ալ` հայերէնին հաշուոյն, աւելի մեծ թիւով խառն ամուսնութիւններ սկսաւ կնքել, անձնական շահերը ազգային նախապատուութիւններէն վեր համարեց եւ օտար արժեչափեր որդեգրեց, Լիբանանի մէջ հայը վերատեսութեան ենթարկեց հայերէնի եւ հայկական ինքնութեան առնչութեամբ իր ժառանգած կեցուածքները եւ վերաբերմունքը:

Դոկտ. Ճէպէճեան ընդգծեց, որ նոյնն է պարագան աշխարհի մէջ շատ մը այլ լեզուական փոքրամասնութիւններու, որոնք պատրաստ են, մանաւանդ` տնտեսական եւ մեծամասնութիւն կազմող ժողովուրդին կողմէ բանեցուած ճնշումներու պատճառով, փոփոխութեան ենթարկելու իրենց ազգային արժեչափերը, նպատակակէտերը, լեզուական հաւատարմութիւնները, ազգային համոզմունքները եւ մոռացութեան ու անհետացումի ենթարկելու իրենց մայրենի լեզուն եւ իւրայատուկ մշակոյթները:

«Լեզուները կարեւոր են հաղորդակցութեան համար, սակայն անոնք ա՛լ աւելի կարեւոր են, որովհետեւ իւրաքանչիւր լեզու կը պարունակէ թէ՛ անձնական եւ թէ՛ ազգային պատմութիւններու բանալին, կը յատկանշէ ժողովուրդի մը մշակութային ինքնութիւնը, կ՛ընդգծէ նախնիներու հետ կապը եւ շարունակականութիւնը, կ՛արտացոլացնէ իւրայատուկ աշխարհահայեացք, կ՛ընդգրկէ անհրաժեշտ եւ հմայիչ քերականական, բառագիտական եւ հնչիւնաբանական յատկանիշներ եւ կը յառաջացնէ ինքնավստահութիւն եւ մշակութային հպարտութիւն», ըսաւ Ա. Ճէպէճեան:

Դասախօսը կոչ ուղղեց ներկաներուն` վերարժեւորելու իրենց կեցուածքը Լիբանանի մէջ հայերուն հանդէպ, թիկունք կանգնելու հայերէնին եւ զայն գործածողներուն, եւ սատարելու հայ համայնքին հայերէն լեզուի պահպանումի ճիգերուն: «Հայերուն տնտեսական, մշակութային, կրթական, մարդասիրական, քաղաքական եւ ընկերային ներդրումը շատ մեծ եղած է Լիբանանի մէջ: Անոնց մայրենի լեզուին պահպանումը ա՛լ աւելիով պիտի սատարէ այս փոքրամասնութեան անգնահատելի մասնակցութեան եւ օժանդակութեան այս հիւրընկալ երկրին, երբ անոնք ամուր կառչին իրենց մայրենի լեզուին, որովհետեւ մայրենի լեզուն աղբիւրն է մտային կարողութիւններու լաւագոյն օգտագործումին, տարբեր աշխարհայեացքի, ստեղծագործական կարողութեան, պատկանելիութեան, պայքարելու պատրաստակամութեան, տնտեսական եւ քաղաքական հորիզոններու ընդարձակումին եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումի գիտակցութեան»:

Դասախօսութեան աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն եւ  յաւելեալ լուսաբանութիւններ տուաւ, որովհետեւ մեծ էր անոնց հետաքրքրութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES