Փաստաբան Էրտալ Տողան Կ՛այցելէ Զմմառու Դպրեվանք

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Photo-Mar-27,-12-45-07-PM-(HDR)Ազգը փորձութիւններէ պահելու համար կարեւոր է մտաւորականութեան դերը` ըլլան անոնք հայ թէ օտար: Լուսաբանման աշխատանք ծաւալելով` մտաւորականները կրնան բարձրացնել եղելութիւններու մասին մեր ժողովուրդի տեղեկացուածութեան աստիճանը: Այս առումով կարեւոր է Հրանդ Տինքի թուրք փաստաբան Էրտալ Տողանին դերը, որուն ստորագրած յօդուածները կը բխին հայ ազգի շահերէն, եւ որոնք ճիշդ հունի մէջ կը պահեն մեր ժողովուրդին տարբեր շերտերը:

Էրտալ Տողան եւ պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեան Լիբանան այցի ընթացքին, հինգշաբթի, 27 մարտի առաւօտեան, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն` Կրեկուար Գալուստի եւ լրագրող Սարգիս Նաճարեանի ուղեկցութեամբ այցելեցին նաեւ Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան մայրավանքը, ուր զիրենք դիմաւորեցին միաբան հայրերը:

Հիւրերը շրջեցան Զմմառեան միաբանութեան վանքի համալիրը, կանգ առին գանձարան- մատենադարանին մէջ, այստեղ գտնուող արխիւները կլանեցին զիրենք: Անոնք ուշադիր հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն եւ իրենք իրենց հերթին որոշ պարզաբանումներ կատարեցին ինչպէս անցեալի դէպքերուն, այնպէս ալ ներկայի հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին: Անոնք այցելեցին նաեւ միաբանութեան դպրեվանքը: Էրտալ Տողան այցելութենէն ունեցած տպաւորութիւնները գրառումի կարգով ներկայացուց դպրեվանքի ոսկեմատեանին մէջ. ստորեւ կը ներկայացնենք բովանդակութիւնը` առանց յապաւումի.

«Պէյրութ առաջին այցելութիւնս է, այցի առաջին իսկ օրէն 1915-ի Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հինաւուրց հայ ժողովուրդի զաւակներուն եւ թոռներուն հետ ծանօթանալու պատիւն ունեցայ, խորը ուրախութիւն, վիշտ եւ տխրութիւն իրար միախառնուած զգացի եւ ապրեցայ:

Իրենց մոխիրներէն յառնած այս ժողովուրդին կանգուն պահող կարեւորագոյն միաբանութիւններէն մին համարուող հայ կաթողիկէ կղերին հետ ծանօթանալու պատիւն ունեցայ: Յատկապէս 1749-ին հիմնուած սոյն վանքին մէջ ծաւալած անցեալը ներկային կապող աշխատանքները արժանի են յարգանքի եւ գնահատանքի:

Անշուշտ այս բոլոր աշխատանքներուն կենդանութիւն տուող, ապագային կամուրջը հիմնող եւ նոր կղերականներ պատրաստող այս Սուրբ Միքայէլ հոգեւոր կրթօճախի անձնակազմին հետ ծանօթանալու եւ իրենց գոյութիւնը ապացուցելուս համար շատ ուրախ կը զգամ:

Լաւ որ կաք եւ միշտ կանգուն մնաք»:

Հիւրերը Զմմառեան միաբանութեան վարչական հայրերուն հետ ճաշելէ ետք բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան մայրավանքէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )