Դէպի Երկիրն Ջաւախք
ՅՈՎԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Հայ դատը փաստօրէն հողի եւ ժողովուրդի հարց է: Հողահաւաք է ու հայահաւաք: Վերջին հարիւրամեակին, հայկական պահանջատիրութեան կիզակէտը հանդիսացող այս երկու ուղղութիւններուն վրայ, հայութիւնը արձանագրած է հսկայական ձեռքբերումներ եւ ունեցած է անհանդուրժելի բացթողումներ: Հայկական արեւմտեան տարածքներու կորուստին, մէկ ու կէս միլիոնի ջարդին, Նախիջեւանի, Կարսի ու Ջաւախքի կորուստին դիմաց, վերապրեցան հայութեան բեկորները աշխարհի չորս ափերը, ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ անկախացաւ հերոս Արցախը:
Պայքարը, հայու ճակատագրի կռիւը, տակաւին երկար ու շատ հանգրուաններ ունի անցնելիք, մարտահրաւէրներ դիմագրաւելիք: Ազատ Հայաստանի բնակչութիւնը ամէն օր քիչ մը աւելի կը նօսրանայ, Արցախի վերաբնակեցումը չի վերածուիր ազգային հիմնահարցի, բռնագրաւուած հայկական հողերը տակաւին պահանջատիրութեան օրակարգի մէջ չեն մտներ, Նախիջեւանի մասին խօսք չկայ, սփիւռքը կը հիւծի սրընթաց, իսկ Ջաւախքը լքուած է իր ճակատագրին:
Արագ հայեացքով արդէն երեւելի է, թէ այս բոլոր խնդիրներուն զուգահեռ ու միատեղ լուծումներու հետապնդումը թէ՛ անիրապաշտ է եւ թէ՛ ալ կը խաթարէ բոլորը եւ կրնայ յանգիլ հակառակ արդիւնքի: Այս տեսակէտէն, առաջնահերթութիւններով առաջնորդուիլը կը դառնայ միակ խելամիտ կարելի ուղին:
Ազգային միասնականութեան յաւակնող ընտրանք պիտի ըլլայ հաւանաբար Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման առաջնահերթութիւնը: Վերջապէս, մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութեան հողակտորն ու ժողովուրդը կոչուած են ըլլալու Հայ դատի որեւէ լուծման հիմնաքարերը: Դժուարութիւնը ի յայտ կու գայ մնացեալ ազգային խնդիրներուն հանդէպ վերաբերմունք ու առաջնարհերթութիւն ճշդելու ընթացքին: Առանց ամբողջական ու սպառիչ պատասխան ունենալու` յաջորդող միտքերը պիտի փորձեն վիճիլ, թէ ինչո՞ւ Ջաւախքի հայութեան պահպանման օրակարգը պէտք է դրուի ազգային խնդիրներու առաջնահերթ դիրքի վրայ:
Ա) Ջաւախքը կը գտնուի արդի անկախ Հայաստանի հիւսիւսային սահմանին վրայ եւ աշխարհագրականօրէն կը միանայ անոր հետ: Այս իւրայատուկ դիրքը Ջաւախքին կ՛ընծայէ բազմաթիւ առաւելութիւններ: Ընկերային, տնտեսական, կրթական ու այլ մարզերու մէջ ջաւախքահայութիւնը կրնայ վայելել Հայաստանի Հանրապետութեան անմիջական հովանաւորութիւնը եւ օգտուիլ անոր ունեցած կարելիութիւններէն: Այս մէկը տակաւին ամբողջութեամբ իրականութիւն չէ դարձած. սակայն գոյութիւն ունեցող նուազագոյն յարաբերութիւններն իսկ ցոյց կու տան, թէ ներուժը իսկապէս հզօր է: Ջաւախքի դիրքը նաեւ ունի ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն: Ան թէ կ՛ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիւսային սահմանը եւ թէ՛ ալ կ՛ընդարձակէ հայկական տարածքները դէպի Սեւ ծով:
Բ) Ջաւախքը պատմական հայկական տարածք է, ուր ծնած ու սնած են հայ միտքի ու մշակոյթի բազմաթիւ ասպետներ: Դարեր շարունակ ազգային պետութեան մաս չկազմելով հանդերձ, Ջաւախքը պահած է իր հայկականութիւնը եւ պայքարած է օտար իշխանութիւններուն դէմ յանուն իր ազգային դիմագիծին: Այս հողակտորին ու անոր վրայ ապրող ժողովուրդին պահպանումը անվիճելի օգուտ է հայկական հզօր պետութեան մը համար:
Գ) Հայութեան արտագաղթը Ջաւախքէն կանխամտածուած ու քաջալերուած է Վրաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ: Վրացիները իմանալով ջաւախքահայութեան ազգային պատկանելիութեան կառչածութիւնը եւ իրենց աչքերուն առջեւ ունենալով «Արցախի օրինակը»` չեն փափաքիր դիմագրաւել երկրորդ Օսեթիա մը կամ երկրորդ Աբխազիա մը: Այս տեսակէտէն հեշտութեամբ կարելի է հասկնալ հայութեան դէմ կիրարկուող ազգային խտրականութիւնը, քաղաքական ներկայացուցչութեան զլացումը, կրթական, տնտեսական եւ ընկերային ծառայութիւններու սակաւութիւնը: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ասդին, ջաւախքահայութիւնը գրեթէ միայնակ կը շարունակէ դիմագրաւել այս անտանելի պայմանները: Կացութիւնը այսպէս կարելի չէ յաւիտեան շարունակել:
Դ) Վերջապէս, Ջաւախքը բնակուած է հայութեամբ: Ան, Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս, հազուագիւտ հայկական շրջաններէն է, ուր հայութիւնը կը կազմէ ծանրակշիռ ներկայութիւն:
Եւ ահա այս վերջին գործօնն է, որ մեր կարծիքով Ջաւախքը պէտք է դարձնէ ամբողջ հայութեան կիզակէտը: Գիտական թարմ տուեալներու բացակայութեան նոյնիսկ, անվիճելի փաստ է, թէ Ջաւախքէն հիմնականօրէն դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն ու Ռուսիա կատարուող արտագաղթը հասած է մտահոգիչ մակարդակներու եւ սկսած է սպառնալ Ջաւախքի ու ջաւախքահայութեան գոյութեան:
Հայութեան պատմութիւնը դարերու ընթացքին յատկանշուած է պայքարով ու մարտահրաւէրներով. հզօր թշնամիներու դէմ հայ ժողովուրդը յաճախ մղած է գոյութեան, ինքնահաստատման ու իրաւունքներու նուաճման մարտեր: Այսօր, հակառակ անոր որ կացութիւնը յարաբերաբար աւելի դրական կրնայ ըլլալ բաղդատաբար այլ ժամանակահատուածներու, հայութիւնը կը դիմագրաւէ յաւելեալ հաստատման, բարգաւաճման ու ամրապնդման խնդիրներ` երաշխաւորելու համար ապագայի գոյութիւնն ու սերունդներու բարւոքութիւնը: Առ այդ, ռազմավարականօրէն մօտենալով խնդրին, Հայաստանի Հանրապետութեան ընդարձակման ու հարստացման առաջադրանքներուն դէմ յանդիման, կարելի չէ չընդունիլ Ջաւախքի հայկականութեան երաշխաւորման ու միացման երկարաժամկէտ ծրագրի գործադրութեան անհրաժեշտութեան առաջնահերթութիւնը:
Արդարեւ, հակառակ անոր որ Արցախը տակաւին Հայաստանի Հանրապետութեան մաս չէ դարձած եւ ապահովական վիճակը սահմանին վրայ կը մնայ անկայուն, սակայն փաստ է, որ հազարաւոր հայորդիներու արեան ու քրտինքին շնորհիւ Արցախը ազատ է ահաւասիկ 18-րդ տարի շարունակ եւ արդէն յաջողած է հաստատել կառավարման համապատասխան մարմիններ եւ երաշխաւորած` անոնց յարատեւութիւնը: Անդին` Ջաւախքը հարկադրուած է ամէն օր պայքարիլ` վառ պահելու համար այդ կարգավիճակի ապագայ նուաճման երաշխիքները:
Փաստ է նաեւ, թէ բռնագրաւուած Հայաստանի դատի հետապնդումը չի կատարուիր հարկ եղած լրջութեամբ ու ուժգնութեամբ. Ցեղասպանութեան ճանաչման փակ օղակը ժամանակի ընթացքին դարձած է անքակտելի եւ հայութեան հողային տարրական իրաւունքները չեն բարձրացուիր համապատասխան բեմերուն վրայ: Որքան ալ որ ցաւալի թուի, հայկական բռնագրաւուած քաղաքներն ու գիւղերը պարպուած են իրենց հարազատ բնակիչներէն եւ համշէնահայութեան ու թաքուն հայերու թղթածրարները տակաւին կը կարօտին երկար ու տքնաջան աշխատանքի` ստանալու համար ազգային մարտահրաւէրի կարգավիճակ: Մինչ այդ, ջաւախքահայութիւնը կը շարունակէ իր համախումբ կեանքը պատմական ու հարազատ իր հողակտորին վրայ` մնայուն կերպով դէմ դնելով վրացական իշխանութիւններու տնտեսական ու ընկերային ճնշումներուն:
Սփիւռքը, իր հաստատութիւններով ու հաւաքականութիւններով, կ՛ապրի իր ուրոյն տարերքը: Հակառակ արձանագրուած սրընթաց բնական նահանջին` տեղ-տեղ դիմադրութեան փորձեր կը կատարուին, կազմակերպութիւններ կը փորձեն շրջել իրերու ընթացքը… Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոյնիսկ, հոգ չէ թէ ֆոլքլորային սփիւռքի նախարարութեամբ ու հայրենիք-սփիւռք խորհրդաժողովներով եւ երբեմն հայաստանեան քաղաքացիութեան ընծայման նման լուրջ քայլերով, սփիւռքը կը դարձնէ որոշ գուրգուրանքի առարկայ: Իսկ սահմանամերձ Ջաւախքը կը մնայ անտէր, լքուած իր բախտին, զուրկ որեւէ զօրաւոր ու անհրաժեշտ կռուաններէ:
Պատմութեան անիւը կը շարունակէ իր դանդաղ ու հաստատ պտոյտը: Հայութեան բարօրութեան առջեւ բարձրացող մարտահրաւէրները տակաւին երկարաշունչ պայքարի ձեռնոց կը նետեն: Պայքարի դաշտ չմտած` հարկ է կատարել զգուշ ու սառնասիրտ քննութիւն եւ ճշդել ռազմավարական առաջնահերթութիւնները:

