Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Միացեալ Նահանգներէն Կը Պահանջէ Ճնշում Գործադրել Թուրքիոյ Վրայ
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կոչ կ՛ուղղէ նախագահ Պարաք Օպամային եւ Քոնկրեսին` ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ թուրք-սուրիական սահմանին գտնուող Քեսապ քաղաքին վրայ ծայրայեղ իսլամականներու յարձակումներուն աջակցութիւնը դադրեցնելու համար:
Նշենք, որ այս յարձակումներուն պատճառով հիմնականին մէջ հայերով բնակեցուած Քեսապի բնակչութիւնը նախորդ շաբաթավերջին ստիպուած եղած էր հեռանալ եւ ապաստան գտնել մօտակայ Լաթաքիա քաղաքին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղղուած նամակին մէջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան կոչ ուղղած է Օպամային` յանձնարարել արտաքին գործոց նախարարութեան, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ ՄԱԿ-ի դեսպանին եւ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչին` պահանջելու Թուրքիայէն կասեցնել Քեսապի վրայ յարձակումները, որոնք պատճառ դարձան խաղաղ բնակչութեան տարհանման, անոնց ունեցուածքի թալանի եւ եկեղեցիներու պղծման: