Հայագիտական Ուսումը Անհրաժեշտութիւն Է (Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Ընդառաջ)
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Եթէ ներկայ օրերուն մեր վարժարաններուն եւ խմբագրատուներուն մէջ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող եւ քանի մը գրիչ շարժողներ ունինք, անցնող տասնամեակներուն մեր գաղութին պահած հայագիտական ուսման հիմնարկներուն շնորհիւ էր` Համազգայինի հայագիտական հիմնարկ, Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկ, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանը ձեւով մը պահեց այս դասընթացքը, բայց հետեւողները եղան սակաւաթիւ:
Փակուած են Համազգայինի եւ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկները: Պատճառը ամէն բանէ առաջ պիւտճէի չգոյութիւնն էր: Եթէ պատճառաբանենք, որ ուսանողներուն թիւն ալ բաւարար չէր, այդ ալ իրականութիւն է:
Ուսանողութեան թիւին նուազ ըլլալուն գլխաւոր պատճառը հայագիտութեան ուսման աւարտին վկայականին պետական ճանաչում չունենալն է:
Նախ մեկնինք այս պատճառաբանութենէն…
Եթէ պետական ճանչցուած համալսարանական վկայականը արժէք չունենայ, ինչո՞ւ համար Հայկազեան համալսարանին մէջ քանի մը անուններու կը հանդիպինք հայագիտութեան դասարանին մէջ: Անոնք կը վկայուին եւ կը ստանան համալսարանական վկայական, ինչպէս որ կը ստանան միւս մասնագիտութիւններու հետեւող ուսանողները: Ուրե՞մն… Այս պարագային կը ծագի երկրորդ պատճառ մը. հայագիտական համալսարանական վկայականի տէր ուսուցիչը չի վարձատրուիր համակարգչային, պիզնըսի, տնտեսագիտութեան, գիտական, ընկերային եւ այլ ծառայութիւններու վկայականի տէր ուսուցիչի նման: Ինչո՞ւ…
«Հայոց լեզուի» տարուան առիթով մենք լսեցինք քանի մը տարի առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հրամանագրով, երբ շեշտը դրուեցաւ հայոց լեզու դասաւանդող ուսուցիչներուն թոշակային արժեւորումը կատարելու, վերը յիշուած մասնագիտութեանց տէր դասախօսներու վարձատրութեան համահաւասար: Արդեօք իրագործուա՞ծ է այս համահաւասարը… Բո՛ւն խնդիրը այս է. եթէ այս վարձատրութեան հարցը չունենայ իր արժանաւոր հատուցումը, պիտի տուժէ արեւմտահայերէնի մաքուր պահպանումը, ուսուցումը:
Հոս փակագիծի մէջ նշենք որ էր ժամանակ Հայաստանի մէջ ուսանած սփիւռքահայ երիտասարդներ, հետեւելով հայագիտութեան ուսման, վերադարձան իրենց գաղութահայ կեանքին եւ օգտակար դարձան: Ինչ կը վերաբերի հայաստանցի հայագէտներու, անոնք պիտի դասաւանդեն արեւելահայերէնով, ինչ որ մեր նպատակին եւ առաքելութեան չօգներ…
Փակենք այս փակագիծն ալ եւ վերադառնանք մեր հարցին, երբ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ անոր ծաղկումին անհրաժեշտութիւնը կայ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ»-ը, ուր կը դասաւանդուի նաեւ հայոց լեզու եւ գրականութիւն: Այսուհանդերձ, ուսուցման այս բաժինը կարելիութիւն չ՛ունենար, եթէ հայագիտական համապարփակ դասընթացք չկատարուի:
Հետեւաբար, որքան օգտաշատ պիտի ըլլար, եթէ Անթիլիասի մայրավանքի յիշեալ մանկավարժական նոյնքան օգտակար հիմնարկին միանար նաեւ Հայագիտական հիմնարկը, որպէսզի կարենայինք պահպանել, ծաղկեցնել արեւմտահայերէն մեր լեզուաճիւղը: Նոր սերունդի պատանին, երիտասարդը սիրէր մեր լեզուն, քաջալերուէր անոր ունենալիք նիւթական եւ բարոյական խրախոյսով:
Յոյժ կարեւոր անհրաժեշտութիւն է նման հիմնարկի մը պետական վկայականի ճանաչում ստանալը, յայնժամ մենք պիտի ունենանք հայագիտութեան ուսմանց հետեւող ուսանողներ, որոնք ուրախութիւն եւ յոյս պիտի ներշնչեն բոլորիս:
Այս մատնանշումը ընելով հանդերձ, յիշենք եւ յիշեցնենք, թէ ներկայ օրերու մեր հայագէտ դասախօսները քանի մը տարի ետք յոգնութեան նշաններ ցոյց պիտի տան: Այս անբաղձալին երբ պատահի, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր գաղութներու հայապահպանման վիճակը: Օտարամոլութեան սիրահար մեր զանգուածները պիտի բազմանան, հայախօս, հայերէնախօս սերունդները պիտի անհետին, եւ պիտի մնանք անտէր լեզուի ցաւագին զաւակներ:
Հարկ է ոտքի կանգնիլ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ըլլանք եռանդուն, պահպանենք մեր ոսկեղնիկ, մեսրոպաւանդ արեւմտահայերէն լեզուն: Հարկ է մեր մշակութային միութիւնները, մեր վարժարաններու պատասխանատուները, Ազգային առաջնորդարանը միասնական աշխատանքով ստեղծեն նոր միջոցառումներ, հայագիտական մասնագիտութիւնը պանծացնելու: Խօսքէն անցնիլ ԳՈՐԾԻ: Եթէ կազմակերպենք, կը յաջողինք: Արամ Ա. կաթողիկոս սիրով պիտի ընծայէ իր օրհնութիւնը, որպէսզի հայոց լեզուն զարգացնելու, արեւմտահայերէնը ծաղկեցնելու իր բազում ԿՈՉԵՐԸ մարմին առնեն, գաղութը ուռճանայ:
Չմոռնանք, որ Պուրճ Համուտի սրտին վրայ կը կառուցուի միացեալ վարժարան մը, ուր պիտի ծաղկի նորագոյն սերունդը, հայոց արեւմտահայերէն քաղցրաբարբառ լեզուն իր շրթներուն…
Կամենալը կարենալ է…
4 մարտ 2014

