Մշակոյթի Նախարարի Հովանաւորած «Իպտահ»-ի Ցուցահանդէսին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պալատին Մէջ Մարալ Մանիսալեան Եւ Լիւսի Թորգոմեան Պարգեւատրուեցան Այլ Մասնակիցներու Կողքին

ts.-2803Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժիի, ուրբաթ, 28 մարտ 2014-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ «Իպտահ»-ի  եռօրեայ ցուցահանդէսի պարգեւատրումի եզրափակիչ հանդիսութիւնը:

Արդարեւ, երեքշաբթի, 25 մարտին մշակութային ստեղծագործական «Իպտաահ» միութեան կազմակերպած գեղարուեստի հինգերորդ  ցուցահանդէսին բացումը կատարեց մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի, որ բարձր գնահատեց «Իպտահ»-ի այս նախաձեռնութիւնը: «Հակառահ տիրող աննպաստ պայմաններուն, կեանքը Լիբանանի մէջ կը շարունակէ իր երթը, շնորհիւ այս աշխուժ ու կենսունակ երիտասարդներուն», յայտարարեց մշակոյթի նախարարը` այցելելով հաւաքական այս  ցուցահանդէսի մասնակից եօթանասուն  արուեստագէտներու «կրպակ»-ները, գնահատական խօսքերով քաջալերելով անոնց ստեղծագործ ոգին:

Մեծամասնութեամբ լիբանանցի արուեստագէտներու հաւաքական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին երկու լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագիտուհիներ Մարալ Մանիսալեան եւ Լիւսի Թորգոմեան:  Մարալ Մանիսալեան (Մարալ Մանիս) իր վեց գծանկարներով կը ներկայացնէր հայ արհեստն ու արուեստը, առտնին առօրեայ գործածական տարրական իրեղէններէն մինչեւ հայկական ձեռարուեստի խորքը ցոլացնող տեսարաններով ու պատկերներով: Հոն կային հայկական ձեռարուեստի նմուշ մը, բազկաթոռ մը, տղամարդու զոյգ մը կօշիկ եւ այլն: Մարալ Մանիսալեան իր արուեստին ճամբով հանդիսատեսները կը փոխադրէր հայկական տոհմիկ տան մը ներաշխարհը` իր խորհրդանշական տպաւորութեամբ: Նշենք, որ արուեստագիտուհի Մարալ Մանիսալեանի գեղանկարչական գործերէն նմուշներ կը գտնենք հայկական զանազան կեդրոններուն մէջ: Լիւսի Թորգոմեան, որ նոյնպէս պարգեւատրուեցաւ, ներկայ էր իր վերացական պատկերներու խորաթափանց տեսքով: Այս առիթով «Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի պահուն անոնք իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին շարունակելու իրենց ստեղծագործական երթը` միշտ ձգտելով դէպի կատարելագոյնը: Անոնք խորապէս հպարտ են իբրեւ լիբանանահայ արուեստագիտուհիներ նման ցուցահանդէսի մասնակցելով: Իւրաքանչիւրը արուեստի իր ոճով ուզեց փոխանցել իր պատգամը եւ կեանքը «դիտելու» եղանակը…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )