Հաղորդագրութիւն

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, որ մօտէն, ուշադիր եւ խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի 21 մարտին թուրք-սուրիական սահմանի թրքական կողմէն Քեսապի հայաբնակ աւանին ուղղութեամբ անակնկալօրէն սանձազերծուած զինուորական թափանցումի գործողութիւններուն պատճառով քեսապահայութեան տեղահանութեան եւ ստեղծուած ծայր աստիճան տագնապալի իրավիճակին, ուրբաթ, 28 մարտի առաւօտեան նախագահեց իր տնօրինութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական միաւորներու ներկայացուցիչներէն կազմուած Քեսապահայութեան շտապ օգնութեան յանձնախումբի ժողովին` քննարկելու համար Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայութեան զօրակցութեան կարելիութիւնները:

Հոգեւոր տէրը նախ ժողովականներուն տեղեկացուց ցարդ իր հաստատած շփումներուն մասին եւ վերահաստատեց Սրբոյ Կուսին Աւետման տօնին առիթով մատուցած հանդիսաւոր եւ պատկերասփռուած սուրբ պատարագին ընթացքին կատարած կոչը, ուր ըսած էր յատկապէս. «Մեր աղօթքներուն կը միացնենք մեր կոչը աշխարհասփիւռ ամէն հայու` կարելի բոլոր միջոցներով իր զօրակցութիւնը ցուցաբերելու Քեսապի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, անոնց զգացնելու համար, որ առանձին չեն իրենց տառապանքին մէջ: Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւանց պաշտպան միջազգային կառոյցներուն եւ կացութեան առնչակից բոլոր տէրութիւններուն եւ ուժերուն, որպէսզի իրենց ազդու միջամտութեամբ օգնեն խաղաղութեան վերահաստատումին շրջանին մէջ եւ իրենց բնօրրանէն տեղահանուած մեր ժողովուրդի վերադարձին իրենց օճախները»:

Այնուհետեւ քննարկուեցան այն կարգադրութիւնները եւ գործնական քայլերը, որոնք կրնան որդեգրուիլ զօրակցելու համար քեսապահայութեան եւ դիմագրաւելու համար ամէն նորաստեղծ իրավիճակ: Այս շրջագիծին մէջ որոշուեցաւ բարձրագոյն մակարդակի վրայ հաստատել կարգ մը շփումներ եւ Լաթաքիա ուղարկել հոգեւորական եւ աշխարհական պատուիրակութիւն մը: Յանձնախումբը որոշեց բաց պահել իր ժողովը` մինչեւ նախատեսուած շփումներուն արդիւնքներուն յստակեցումը:

ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Շաբաթ, 29 մարտ 2014
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES