ՀՄԸՄ-ի Չորս Խումբերուն Յաղթական Շաբաթավերջը

fans.2903Նախորդ շաբաթավերջը ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խումբերուն համար եղաւ տիրական ներկայութեան ժամանակաշրջան մը լիբանանեան մարզական աշխարհին մէջ` նկատի ունենալով, որ միանգամայն արձանագրուեցաւ չորս յաղթանակ:

ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը Ա. դասակարգի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ:

Ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք ՀՄՄ-ի, անկէ խլեց Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը` ապահովելով յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:

Վերջապէս, Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Սաֆային:

Share this Article
CATEGORIES