Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց ՀՄՄ-ի (2-1) Եւ Ապահովեց Յաջորդ Հանգրուանի Իր Տոմսը
Վերջին քանի մը տարիներուն այն, ինչ որ չէին յաջողած կատարել լիբանանեան ֆութպոլի Ա. դասակարգի մեծ ժողովրդականութիւն ունեցող խումբերը, կատարեց ՀՄԸՄ, շնորհիւ իր շուրջ 4 հազար համակիրներուն, որոնք Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին աջ եւ ձախ, ինչպէս նաեւ պատուոյ թրիպիւնը ամբողջութեամբ լեցուցած էին երէկ:
Եւ այս մէկը` Գ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով…
Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը ապահովելու համար անպայման պէտք ունէր յաղթանակի մը` նկատի ունենալով, որ ՀՄՄ կը գրաւէր պարագլուխի դիրքը` կէտի մը տարբերութեամբ գերազանցելով ՀՄԸՄ-ը:
Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ ՀՄԸՄ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ՀՄՄ-էն խլեց պարագլուխի դիրքը եւ ինք հանդիսացաւ յաջորդ հանգրուան հասնողը` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր խմբակէ (ընդամէնը` չորս խմբակ), միայն պարագլուխի դիրքը կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան:
Մրցումին հաշիւը 2-րդ վայրկեանին բացաւ Մամաս Քէհէեան, որմէ ետք, 35-րդ վայրկեանին Քրիսթիան Թէյմունեան նշանակեց երկրորդ կոլը: Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն, ՀՄՄ նշանակեց իր միակ կոլը:
Բ. կիսախաղին վերոնշեալ երեք կոլերուն վրայ ոչինչ աւելցաւ, եւ այսպիսով ՀՄԸՄ վերջնական յաղթանակը արձանագրելով ապահովեց իր 25-րդ կէտը, մինչ ՀՄՄ մնաց նոյնքան կէտով (23):
Ստորեւ Բ. խմբակին վերջնական դասաւորումը.
ՄՐՑ. Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- ՀՄԸՄ 10 8 1 1 24 9 25
2.- ՀՄՄ 10 7 2 1 35 16 23
3.- Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի 10 6 1 3 28 22 19
4.- Շապապ Արապի 10 2 3 5 18 18 9
5.- Շեքքա 10 2 1 7 15 29 7
6.- Ամալ Թրիփոլի 10 0 2 8 6 31 2
Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Սաֆայի, այս վերջինին դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:

