Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղաքը Ջախջախիչ Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեցին Թատամոնը (92-60)` Արձանագրելով Իրենց 6-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ եւ դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 29 մարտին, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ ջախջախիչ ձեւով պարտութեան մատնելով Թատամոնը` 92-60 արդիւնքով (20-17, 43-25, 67-39 եւ 92-60):
Ինչպէս նկատելի էր, ՀՄԸՄ չորս քորթըրներուն ալ տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ, որ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր 10-րդ պարտութիւնը, մինչ ՀՄԸՄ արձանագրեց տարեշրջանի իր 8-րդ յաղթանակը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ աւելի ամրապնդեց իր 6-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 31 կէտ:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի ամբողջութեամբ ՀՄԸՄ-ի համակիրներով լեցուած «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ ձեւով նշանակելով իրենց կէտերը. Տիոն Տիքսըն (35′ 49″, 31 կէտ եւ 7 ռիպաունտ), Յարութ Տեքերմենճեան (3′ 06″), Հայկ Խաչերեան (5′ 09″, 2 կէտ, 1 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (11′ 07″, 2 կէտ), Ռալֆ Աքըլ (26′ 53″, 3 կէտ, 5 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (4′ 42″), Սարգիս Սվաճեան (3′ 04″, 1 ռիպաունտ), Լիթըր Թերենս (40′, 32 կէտ, 8 ռիպաունտ), Հայկ Կէօքճեան (28′ 07″ 16 կէտ, 6 ռիպաունտ), Ռուտի Ֆարրաժ (14′ 36″, 2 կէտ, 2 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (27′ 21″, 4 կէտ, 7 ռիպաունտ):
Մրցումին իրաւարարներն էին Ռապահ Նըժէյմ, Զիատ Թաննուս եւ Փոլ Սքայեմ):
Մնալով դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Մութթահետ, որ հիւրընկալեց Հուփսը, 85-72 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (24-16, 44-34, 70-53 եւ 85-72):
Մութթահետէն Հասսան Ուայթսայտ նշանակեց 32 կէտ եւ 23 ռիպաունտ, իսկ Հուփսէն, Սանի Սաքաքինի` 26 կէտ 21 ռիպաունտ:
Դարձի 7-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ` կիրակի, 30 մարտին, Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը:
Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Սաժեսի յաղթանակով` 81-75 արդիւնքով (15-15, 32-32, 54-53 եւ 81-75): Սաժեսէն Քրիս Տենիելզ նշանակեց 28 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:

