Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի. Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Ս. Պատարագ` Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով
Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն: Արդարեւ, շաբաթ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ Արաքս փողոցին մէջ տեղադրուեցան տաղաւարներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի ծնողական խորհուրդը, «Արցախ ֆոնտ»-ը, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ընկերային յանձնախումբը, «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, Համազգայինի գրատարածը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց կիրակնօրեայ դպրոցը: Մանկապատանեկան յայտագիրով ելոյթ ունեցան «Ուրախ տարեդարձ» խումբը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի աշակերտներն ու եկեղեցւոյ դպրաց դասը երգով ու պարով: Երեկոյեան խումբ մը երգիչներ, ընկերակցութեամբ` Սեդօ Պաղտասարեանի, ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը:
Կիրակի առաւօտեան Արաքս փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Ապա գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ բացատրեց օրուան խորհուրդը եւ անդրադարձաւ 4-րդ դարուն տեղի ունեցած 40 մանկանց` զինուորականներու նահատակութեան. անոնք անխախտ մնալով իրենց հաւատքին մէջ նահատակուեցան եւ արժանացան երկնաւոր շնորհին, սրբութեան պսակին եւ դարեր ետք երախտիքով կը յիշենք իրենց օրինակը: «Ձեռք ձգելու համար մեր իրաւունքները, պարտաւոր ենք ըլլալ յարատեւող` կամք ու կորով դնելով մեր աշխատանքին մէջ», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք յաճախ կ՛արտայայտուինք մեր առօրեային մէջ տեղ գտնող դժուարութիւններուն մասին, շատ անգամ կը կքինք նեղութիւններուն դիմաց եւ կը կորսնցնենք մեր հաւատքը: Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց յարատեւելու մեր հաւատքին մէջ, անդրդուելի մնալու դժուարութիւններուն դիմաց, հաւատարիմ մնալու նեղութեան ատեն եւ նուիրական սրբութիւններուն համար յանձն առնելու ամէն տեսակի վիճակ, որպէսզի չպարպուինք մեր ինքնութենէն, չկորսնցնենք մեր քրիստոնէական դիմագիծը, ինչպէս նաեւ մեր շնորհը: «Կը մաղթեմ, որ ձեր հաւատքին մէջ ըլլաք յարատեւ, ըլլաք Տիրոջ արժանի անհատներ եւ արժանանաք Աստուծոյ սիրոյն, ողորմութեան եւ շնորհներուն», եզրափակեց Շահէ եպս. Փանոսեան:
Աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագէն ետք, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

