Վատիկանի Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Նախագահ Կարտինալ Քոխ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Cardinal-Gabrielle-GasiaՇաբաթ, 29 մարտ 2014-ի առաւօտեան Անթիլիասի մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Քոխ` ընկերակցութեամբ նոյն բաժանմունքի պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ կարտինալ Կապրիել Քաչիայի: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Վատիկանի միջեւ փոխյարաբերութիւնը, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործունէութիւնը, եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնները եւ ընդհանրապէս եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը, յիշեալ հարցերուն գծով իր անձնական փորձառութեան լոյսին տակ եւ մօտէն ծանօթ ըլլալով միջեկեղեցական աշխարհի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, իր տեսակէտները եւ մտահոգութիւնները պարզեց: Կարտինալ Քոխ եւս անդրադարձաւ նոյն մարզին առնչուած կարգ մը երեւոյթներու ու շեշտեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական շարժումին նկատմամբ ունեցած յանձնառութիւնը:

Անդրադարձ եղաւ նաեւ հին դարերէն սկսեալ հայ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան ու գործակցութեան, որ աւելի շեշտուած էր կիլիկեան շրջանին: Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով ընդգծեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ հայ եկեղեցւոյ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը, ոչ միայն միջազգային մակարդակի վրայ, այլ նաեւ շրջանային ու տեղական:

Պապական նուիրակին ներկայութիւնը առիթ մը եղաւ, որ խօսակցութեան ընթացքին նաեւ արծարծուին լիբանանի այժմու կացութիւնը եւ մասնաւորաբար յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամանակաշրջանին նոր նախագահի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )