Պըրրի Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Ժոմպլաթի Եւ Ժեմայէլի Հետ

Ժոմպլաթ եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան ժամը 5:45-ին, Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ համաձայնութիւն մը գոյացուցած է մասնակցելու այսօրուան Ազգային երկխօսութեան նիստին: Ան աւելցուց, որ Պըրրիի հետ չէ քննարկած նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերը:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Պըրրի ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ վտանգաւոր հանգրուան մը, ինչպէս նաեւ անոր ապագային կը սպառնան լուրջ մարտահրաւէրներ:
Ժեմայէլ ցաւ յայտնեց, որ միջազգային առումով Լիբանան անտեսուած է` աւելցնելով, որ մինչ երկիրը լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ, լիբանանցիները ներքին սպառումի ճիգերը չեն դադրեցներ:
«Թէեւ Լիբանան չի կրնար մարդկային իր պարտաւորութիւնը չկատարել սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ, սակայն դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքը կը գերազանցէ զանոնք հանդուրժելու Լիբանանի կարողութիւնը», ըսաւ Ժեմայէլ:
Ժեմայէլ յոյս յայտնեց, որ Պըրրի յաջորդ հանգրուանին խորհրդարանին նախագահէ կատարեալ բծախնդրութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ 25 մայիսէն առաջ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել: